Այսօր ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին միջնորդութեամբ կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած լրացուցիչ պայմանաւորուածութեան արդիւնքով՝ ժամը 17:00-ի կողմերը, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներու մասնակցութեամբ, աւարտեցաւ չէզոք գօտիէն ազրպէյճանական գրոհայիններու դիակներու տարհանման գործընթացը: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի հանրապետութեն պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։
Նշուած է, որ տարհանման գործընթացը իրականացուած է 25 փետրուարին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, այսինքն այնպէս, ինչպէս սկզբնական շրջանին պնդած է արցախեան կողմը: