«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ արուեստագէտ, նկարիչ Գրիգոր Սագայեանը:
-Գիտենք, որ դուք երկար ժամանակէ ի վեր նկարչութեամբ կը զբաղիք: Ի՞նչն էր, որ ձեզ մղեց դառնալ նկաիչ:
Փոքր տարիքէս միշտ գծած եմ, երգած եմ եւ թատերական ներկայացումներու մասնակցած եմ: Դպրոցական տարիներուս ստացած եմ երկու մրցանակ, մէկը՝ երգի, միւսը՝ թատրոնի: Նախնական կրթութիւնս աւարտելէ առաջ արդէն գծուած էր ճամբաս, յստակ էր որ իմ ճամբաս արուեստն է: Անշուշտ այս առումով իրենց անհրաժեշտ դերը ունեցած են ծնողքս, միջավայրս, ինծի մօտիկ անձերը, ուսուցիչերս, որոնք միշտ քաջալերած են զիս, մէջս տեսած են արուեստի հակումը, զիս ընդունած են որպէս այդպիսին՝ արթիսթը:
Արուեստի ուղին ընտրելը որոշումի հարց չէր, պարագաները այդ ուղղութեամբ տարին զիս, երբ ես իմ գոյութեանս գիտակից դարձայ, արդէն ես ինծի գտայ այդ ճամբուն վրայ, թէ ով դրաւ ինծի այդ ճամբուն վրայ, չեմ գիտեր պատասխանը:
- Սփիւռքի մէջ ապրող եւ ստեղծագործող արուեստագէտներ յաճախ չեն հասկցուիր իրենց միջավայրին, շրջապատին կողմէն, դուք այդպիսի խնդիր ունեցա՞ծ էք:
Արուեստագէտը ընդհանրապէս, հայ կամ ոչ հայ, ունի այդ խնդիրը: Հարցը այն է, որ այսօր միջավայրը ընդհանրապէս արուսետագէտին հասկնալու տրամադրութիւն չունի: Այսօր ամէն ինչ հիմնուած է կեղծիքի եւ սուտի վրայ եւ շրջապատին համար աւելի հետաքրքրական է, քաղաքական դէմքի մը խօսածը կամ ըսածը։ Այսօր մարդիկ աւելի տարուած են քաղաքական մարդոց խօսած սուտերով, քան արուեստի գործի մը փոխանցած անկեղծ ու իրապաշտ պատգամով (մասէյճով):
Արուեստագէտը միշտ ունեցած է ընկերային, մարդկային առաքելութիւն, բայց այսօր արուեստի շուկային խաթարուածութիւնը եւ ընդհանրապէս մարդկային ընկերութեան մէջ բարոյական արժէքներու անկումը՝, պատճառ եղած են, որ արուեստն ալ կորսնցնէ իր արժէքն ու մակարդակը: Վերջ ի վերջոյ արուեստն ալ բարոյական արժէք մըն է, նիւթական արժէք ըլլալէ առաջ: Արուեստը վերածուած է առուծախի ենթակայ առարկայի կամ մարդոց տուներն ու գրասենեակները ճոխացնելու զուտ զարդային (տեքորաթիֆ) առարկայի մը:
Արուեստագէտը միշտ հասկցուելու խնդիր ունեցած է եւ ունի, բայց ինչպէս ըսինք, ասկէ 20- 100- 200- 300 տարի առաջ արժէքներ կային: Տարբեր ժամանակներու, բոլոր միջավայրները, ժողովուրդները, քաղաքակրթութիւնները, հակառակ իրենց բոլոր հարցերուն, խնդիրներուն, չեն ապրած այն քաոսային վիճակը, որուն մէջ մենք այսօր կ'ապրինք: Այսօրուան քաոսային վիճակին մէջ կորսուած են ամէն մեկնակէտ, յենակէտ, վերջակէտ, կոտրած է կշիռքը, սահմանները աղաւաղուած ու անորոշ են: Ո՞ւր են սամանները բարոյականին ու անբարոյականին, ո՞ւր կը սկսի եւ ո՞ւր կը վերջանայ անձնականը, հասարակականը, ընկերայինը, քաղաքականը. բոլորը խառնուած են իրարու: Տղամարդն ու կինը, օրինակի համար, ճիշդ կամ սխալ, ունէին իրենց յստակ տեղն ու դերը, այսօր անոնցմէ որուն տեղն ու դերը ուր է, յստակ չէ: Ես միշտ կ'ըսեմ իտալերէնով «Սիամօ Դութի ումփօ քոնֆուզի», այսինքն՝ «Բոլորս ալ քիչ մը շուարած ենք», ու այս շուարածութեան համաճարակին մէջ արուեստը առաջին զոհերէն է. արուեստագէտը՝ ոչ անպայման, բայց արուեստը՝ այո՛. արուեստագէտը կրնայ շատ յստակ գիտնալ իր տեղը, իր դերը, իր ուզածը, բայց անոր արուեստը զոհ կ'երթայ, կը խեղդուի այսօրուան ընդհանուր շուարածութեան պղտոր ջուրերուն մէջ:
- Ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ այսօր սփիւռքի մէջ ապրող հայ արուեստագէտը ընդհանրապէս:
Արուեստը համաշխարհային, համամարդկային լեզու է, ուստի արուեստագէտին գործածած լեզուն համաշխարհային լեզու է, եւ ասկէ մեկնած, կարելի է ըսել, որ արուեստագէտի մը դիմագրաւած խնդիրներն ալ համաշխարհային են, համամարդկային են, ըլլայ ան հայ կամ օտար արուեստագէտ. Ուստի, չեմ կրնար զատորոշել սփիւռքահայ արուստագէտը միւս բոլորէն, որովհետեւ ան նախ մարդ է, յետոյ արուեստագէտ է, եւ ապա հայ է, ուստի, ան որպէս արթիսթ ունի նոյն խնդիրները, միւսներուն նման:
Սփիւռքահայ արուեստագէտին մասին եթէ անպայման բան մը ուզեմ ըսել, դրական կէտ մը պիտի ըլլայ, եւ այդ կէտը այն է, որ սփիւռքահայ արուեստագէտը աշխարհաքաղաքացի արուեստագէտ է, ի բան մը, որ անշուշտ առաւելութիւն եւ հարստութիւն է:
Ասկէ մեկնած, կ'ուզեմ շեշտը դնել երեւոյթի մը վրայ, որ՝ հայուն աշխարհի չորս կողմերը ցրուած ըլլալն է: Մենք հայերս, դժբախտաբար, կարճատես ենք եւ մեր տարածուած աշխարհով մէկ սփռուած ըլլալը թերութիւն կը համարենք, մինչդեռ եթէ փոխենք մեր այդ դիտելու ձեւը, մեր այս ցրուած ըլլալը կը տեսնենք որպէս ուժ, առաւելութիւն: Պահ մը երեւակայեցէք ինչ մեծ ուժ է ամէն տեղ գտնուիլը, կրնամ չափազանցել եւ ըսել, որ աշխարհը մեզի, հայ ազգին կը պատկանի, որովհետեւ ամէն տեղ ենք եւ ես այս երեւոյթը կը համարեմ հսկայ ներուժ, պէտք է միայն այս ուժը ի նպաստ մեզի գործածելը գիտնանք:
-Դուք որոշ ժամանակ մը ապրեցաք արեւմտեան մշակոյթի կեդրոններէն մին համարուող Վենետիկի մէջ եւ ապա պայմաններու բերումով վերադարձաք ձեր ծննդավայրը՝ Այնճար: Ի՞նչ յիշողութիւններ ունիք Վենետիկէն:
Վենետիկ ապրած ըլլալը եղած է կեանքիս ամենակարեւոր հանգրուաններէն մին: Վենետիկը այնպիսի իւրայատուկ քաղաք է, որ այդ քաղաքին մէջ ապրիլը չի կրնար յատուկ փորձառութիւն մը չըլլալ ցանկացած անձի, մասնաւորապէս արուեստագէտի համար: Վենետիկէն դուրս, կը յիշեմ Վենետիկը որպէս սիրահար մը, որ հոն կը սպասէ ինծի, իր հմայքով, իր կախարդանքով, բայց անշուշտ միակը չեմ ես, ինծի պէս շատեր Վենետիկի իւրայատուկ գեղեցկութենէն կախարդուած կը մնան մինչեւ իրենց կեանքին վերջը:
-Սփիւռքի մէջ ապրող ցանկացած հայ արուեստագէտի համար մեծ խնդրի է սեփական հողին վրայ չապրելու հարցը: Դուք, Այնճար ծնած եւ այնտեղ գործող արուեստագէտ մը ըլլալով, կը կարծէք որ լուծած էք այդ հողի պատկանելիութեան խնդիրը: Այնճարը ձեզի համար ինչքանո՞վ հայկական հող է:
Ծնողքս, միջավայրս, նաեւ Այնճարն ու Պուրճ Համուտ, հայ ըլլալը այնքան ամուր ձեւով հաստատուած են մէջս, որ աշխարհի որ անկիւնն ալ ըլլամ, որեւէ մէկ հողի վրայ, կը մնամ նոյն հայը: Հայ ըլլալը էութեանս մէջ այնքան ամուր ձեւով հաստատուած է դրոշմուած է, որ բացարձակապէս երկրորդական է, թէ ես ֆիզիքապէս ուր կ'ապրիմ, որ երկրին մէջ կամ ինչ միջավայրի մէջ կը գտնուիմ:
Յարգելով ամէն մէկ հայու գաղափարը իր ինքնութեան մասին, ինծի համար կրնամ նոյնիսկ ըեսլ, որ այդ ըմբռնումը ոգեղէն է, իմ կազմաւորմանս մէջ թրծուած է հայ ըլլալը: Ես 40 տարեկան ըլլալէս վերջ սկսայ կամաց-կամաց բաժնել իրարմէ մարդն ու հայը, եւ կարողացայ այս երկուքին համար խաղաղ ու համերաշխ գոյակցութիւն մը ստեղծել ինքնութեանս մէջ, առանց բախումի, առանց խնդրի, պարզապէս ժամանակ պէտք էր, որ ամէն մէկը իր յստակ տեղը առնէ՝ շոգեկառքի մը զոյգ երկաթուղագիծերուն պէս:
Կան շատ մը հայեր, որ ինքնութեան խնդիր ունին, ես այդ խումբին չեմ պատկանիր, ընդհակառակը, ինծի համար մեծ հարստութիւն է ըլլալ հայ, լիբանանահայ, այնճարցի, իտալացի, շատ անգամ մեծ հաճոյքով խաղի վերածած եմ այս բազմազանութիւնը: Ինքնութիւններու հարստութիւնս ինծի միայն օգնած է, հարստացուցած է զիս, առիթը տուած է տարբեր ու այլազան փորձառութիւններ ապրիլ, այլազան վիճակներու մէջ գտնուիլ, տարբեր քաղաքակրթութիւններէ ու մշակոյթներէ հաղորդուելու, եւ կասկած չկայ, որ այս մէկը վերջ ի վերջոյ կ՚արտացոլայ արուեստիս մէջ:
Հակառակ անոր, որ ոչ մէկ հողի կապուած կը զգամ, ես պատկանելիութեան, ինքնութեան խնդիր չունիմ: Ես այդ խնդիրը լուծած եմ՝ հայ ինքնութեանս տալով հողի արժէք: Ո՞ր մէկն է իմ հայրենիքս, Արեւմտահայաստա՞նը, Արեւելահայաստա՞նը, թէ Այնճա՞րը, Լիբանանը, ո՞րն է իմ հողս, արդեօ՞ք Իտալիան, այդ երկրին ալ հպատակութիւնը կը վայելեմ վերջ ի վերջոյ: Ես այս խնդիրը լուծած եմ իմ հայ ինքնութիւնս վերածելով մայրենի հողի, իմ մէջս եղած հայն է իմ մայրենի հողս, անկախ այն բանէն, թէ ես ուր կ'ապրիմ. Արեւմտահայաստանի կորուստը կը շարունակէ ցաւցնել զիս, Այնճարին չեմ հաւատար, անդին ուրախ եմ, որ այսօր կայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ պատրաստ է զիս ընդունելու որպէս հայ, սակայն ես ուր ալ երթամ, աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուիմ, հետս է մայրենի հողս, ինչպէս ըսի նախապէս, իմ մէջս եղած հայն է իմ մայրենի հողս:
-Ի՞նչ խօսք ունիք ըսելիք ձեր սերնդակից նկարիչներուն կամ առհասարակ հայ նկարիչներուն: Ի՞նչ պատգամ ունիք տալիք:
Երբ Պէյրութի մէջ արուեստ կ'ուսանէի, իմ արուեստի ուսուցիչս՝ լիբանանահայ արուեստագէտ Յարութիւն Թորոսեանը կ'ըսէր՝ «Փրկութիւնը քու մէջդ է, հետեւաբար, ամէն մէկ արուեստագէտ կամ հայ արուեստագէտ պարտի ինքն իր մէջ փնտռել փրկութիւնը, լուծումը՝ ամէն լաւին ու վատին, եւ ամէն բանէ առաջ պէտք է ըլլալ անկեղծ, որովհետեւ արուեստը եթէ անկեղծ է ՝ կա՛յ, եթէ անկեղծ չէ, չկայ արուեստ»: Բաւական թափառելէ ետք՝ Այնճարէն Պէյրութ, վերջը Վենետիկ, Ամերիկա, Վիեննա- եւրոպական տարբեր քաղաքներ, վերջ ի վերջոյ ես ալ համոզուեցայ, որ ուսուցիչս ՝ Յարութիւն Թորոսեանը իրաւունք ունէր, փրկութիւնը քո՛ւ մէջդ է, եւ հասկցայ, որ արուեստի ամէնէն մեծ արժանիքը ՝ անկեղծութիւնն է: Հետեւաբար խորհուրդս է՝ ըլլալ անկեղծ եւ լուծումը, փրկութիւնը փնտռել մեր անձին մէջ: