image

Ցեղասպանութեան դասաւանդման թեմա. Հեռու մնալ «բռնազբոօսիկ» մօտեցումներէ

Ցեղասպանութեան   դասաւանդման  թեմա. Հեռու մնալ «բռնազբոօսիկ»  մօտեցումներէ

Անցնող օրերուն քննարկման նիւթ դարձաւ Հայաստանի ուսումնական ծրագրէն ներս «Հայոց Ցեղասպանութիւն»ը, որպէս դասաւանդման առարկայ ներառելու ծրագիրը: Կրթութեան նախարարութեան մէկ պատասխանատուին փոխանցմամբ ներկայիս քննարկումի մէջ է «Ցեղասպանութեան» դասաւանդումը աշակերտներուն ներկայացնելու կոչուած ուսուցիչներուն վերապատրաստումը, որմէ ետք է միայն, որ առարկան, որպէս դասաւանդման նիւթ կրնայ ներգրաւուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթական համակարգէն ներս: Լուրին հրապարակումէն անմիջապէս ետք ու յատկապէս ընկերային ցանցերու վրայ սկսաւ աճիլ «Ցեղասպանութիւն»ը  որպէս առարկայ աշակերտներուն ներկայացնելու դէմ եղողներու ալիքը: Ուսումնական, ընկերային եւ հոգեբանական բաւական բարդ ու խրթին գետիններ մուտք գործող այս թեման, բնական է, որ տուն տայ բողոքի ալիքներու: Բողոքողները հարց պիտի տան, ինչո՞ւ յաւելեալ «բեռ» դնել մեր աշակերտներու ուսերուն: Ինչո՞ւ ընկճել մեր երեխաները, կամ ի՞նչ օգուտ պիտի քաղուի եթէ «Ցեղասպանութիւն»ը, որպէս դասանիւթ ներկայացուի ընդհանուր առմամբ թեմային անծանօթ եւ դեռատի սերունդին: Անոնք նաեւ կրնան առարկել, որ այսօրուան Հայաստանի բաւական լուրջ հարցեր դիմագրաւող կրթական համակարգին մէջ, արդեօ՞ք «Ցեղասպանութեան» դասն է առաջնահերթը: Աւելին կրթութեան, դաստիարակութեան եւ լեզուաիմացութեան եւ հմտութեան համար վարժարաններ յաճախող մեր աշակերտներուն համար ի՞նչ օգուտ պիտի բերէ «Ցեղասպանութիւն»ը «մարսելու» ու հայութեան գլխուն եկած այդ օրհասը «հէքիաթի ճամբով» սորվելու մօտեցումը: Իսկ անոնք, որ ջատագովն են այս մօտեցման պիտի բարձրաձայնեն, որ «Ցեղասպանութեան» առարկան մատուցելով «մենք պիտի փորձենք վերացնել անոր հետեւանքները եւ հոգեբանական, ընկերային եւ տարբեր ենթագետիններու վրայ ձերբազատուիլ այդ մեծ աղէտի թողած հետեւանքներէն ու ճնշումներէն»: Այդ «հետեւանքներու վերացում»էն բացի նաեւ պիտի խօսին սերունդները դէպի պահանջատիրութեան ճանապարհ ուղղորդելու անհրաժեշտութեան մասին: Շատ տեղին ու առողջ է, որ նման զգայուն օրակարգի մը շուրջ երկու տարբեր եւ նոյնիսկ հակասական մօտեցումներ ըլլան: Խնդիրը այս չէ սակայն: Խնդիրը աւելի խորքային է: Հայաստանի աշակերտներն ու մանուկները «Հայոց Ցեղասպանութեան» ընկալումը, այդ նիւթին տիրապետումը, այդ պատմական աղէտին դասերը սորվելու դեռ երկար ժամանակ ունին: Անոնք պիտի ապրին առողջ մանկութիւն մը հեռու բռնազբօսիկ եւ շատ յաճախ «ճնշումներ»ով զուգորդուած միջամտութիւններէ: Մեր աշակերտներուն եւ յատկապէս Հայաստանի հողին վրայ իրենց կեանքը կերտող սերունդներուն համար կան բաներ, որոնք ըսելով, խօսելով կամ «դասաւանդելով» չէ, որ անպայման արմատ կը նետեն: Ու ամենակարեւորն այն է, որ բռնազբօսիկ միջոցներով եւ արհեստական սնուցումներով ներդրուած մօտեցումները պիտի չտան մեր ակնկալած արդիւնքը: Եթէ մեր ուզածը երեխային մէջ թուրքին դէմ «բուծանուելիք» «աննպատակ» ատելութեան մը տեղ տալն է, ապա այդ ատելութիւնը պիտի վնասէ նախ եւ առաջ զայն կրողը: Ու յետոյ Ցեղասպանութեան «հետեւանքներու վերացում»ը նախ եւ առաջ սկիզբ պէտք է առնէ Հայաստանի երեխաներուն արդիական պայմաններ ունեցող վարժարաններու կերտումով կամ եղած համակարգի արագ բարելաւումով: Այս բոլորէն անդին այսօրուան աշխարհի կրթական մեծ մարտահրաւէրներուն դիմաց, երբ Հայաստանի մէջ արդէն սկսած են գործել «համաշխարհայնացման» օղակներուն մէջ տեղ եւ կարեւորութիւն ունեցող գիտա-կրթական համակարգեր, ապա «Ցեղասպանութիւն»ը դասի վերածելու երեւոյթը պէտք է ընկալել, որպէս ետդարձ կատարուած քայլ: Մեր երեխաները ամէն պատեհ առիթի Ծիծեռնակաբերդ կը բարձրանան ու իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցեն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Այդ բոլորը կը կատարուին ինքնեկ մղումով, որուն բնական արձագանքները լսելի կրնան դառնալ աւելի ուշ: Առանց բռնազբօսիկ մօտեցումներու եւ առանց «Հայոց Ցեղասպանութիւն»ը դասաւանդումի «հէքիաթ»ի վերածելու: