Ֆրանսական AFP գործակալութեան նկարիչ Ահմատ Շաֆիհ Պիլալ, որ չէր յաջողած Աֆրինէն դուրս գալ, իր ֆէյսպուքեան էջին ուղիղ եթերով միացում կատարած էր, ներկայացնելով 18 մարտին՝ Աֆրինի մէջ պատահածները: Այս մասին կը գրէ լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ»ը:
Տեսանիւթին մէջ ան պատմած է, որ Աֆրինի անկումէն մէկ գիշեր առաջ՝ 17 մարտին, հազարաւոր բնակիչներ փորձեցին փախուստի դիմել Աֆրինի կից եղող Նըպպոլ եւ Զահրաա քաղաքները, ինչի հետեւանքով հարիւրաւոր ինքնաշարժներու հերթ կազմուած էր ամբողջ ճամբուն վրայ, մինչ ուրիշներ սնունդի պահեստներ ներխուժելով, ուտելիք կը փնտռէին:
Շաֆիհի եւ անոր ընտանիքի անդամներու Աֆրինէն դուրս գալը ձախողելէ ետք, որոշած են վերադառնալ իրենց տուն եւ տան նկուղին մէջ նստելով սպասած են իրենց անյայտ ճակատագրին:
Շաֆիհ կը պատմէ, որ «մարդիկ բոլորը նկուղներու մէջ էին, առանց գիտնալու ինչ կը սպասէ իրենց, դուրսէն պայթումի ձայներ կը լսուին, յանկարծ շատ մօտ եւ յստակ ձայն մը կը լսուի իրենց տունին մէջէն, որ կ'ըսէ՝ «քաղաքացի, դուրս եկուր»: Շաֆիհ կը պատմէ, որ անոնք ազատ բանակի երկու զինեալներ էին:
Շաֆիհ, որ մէկէ աւելի անգամներ յայտարարած էր իր անջատողական դիրքորոշման եւ քրտական պետութիւն հաստատելու ցանկութեան մասին, կը պատմէ, որ մէկ նկարի մը շնորհիւ կը փրկուի իր կեանքը: Ան Սուրիոյ բանակի Աֆրին մտած ժամանակ նկար մը առած էր, ուր սուրիական ուժերու գալուստը դիմաւորող ժողովուրդին մէջ կանգնած միջնեմատը դէպի այդ ուժերը բարձրացուցած է եւ այս նկարը տարածուած էր, ինչը զինեալ խմբաւորումներու անդամներուն համոզած էր, որ այս անձը սուրիական կառավարութեան ընդդիմադիր է:
Շաֆիհ նաեւ կը պատմէ, թէ Թուրքիոյ կողքին կռուող սուրիական խմբաւորումներէն քրտական խումբ մը կու գայ՝ «Մաշհալ ալ-Թմօ» անունով (Հասաքէի մէջ սպաննուած քիւրտ ղեկավարի մը անունով կոչուած) եւ այդ խումբի անդամները զինք կը պահանջեն անունով եւ կը յայտնեն, որ ինք այլեւս կը գտնուի իրենց պաշտպանութեան տակ եւ կ'արտօնեն, որ ան շրջի քաղաքով մէկ եւ նկարներ առնէ, որոնք ֆրանսական գործակալութիւնը տարածած էր, ուր կ'երեւի քաղաքի թալանումը:
Ուղիղ եթերի ժամանակ լուսանկարիչը բազմիցս կը կրկնէ, որ պիտի պատմէ ինչպէս ողջ մնաց եւ ովքեր են իրեն պաշտպանողները, երբ ապահով տեղ մը հասնի, շարունակելով, որ «բոլորը կը շահագործեն մեզ, մինչեւ այս պահը մօտ 900 հազար սուրիական ոսկի վճարուեցաւ, մարդոց դէպի Նըպպոլ եւ Զահրաա փախցնելու համար»:
Շաֆիհ Պիլալ կ'ըսէ, «Աֆրինի մէջ իւրաքանչիւր թաղամասի վրայ խումբ մը կ'իշխէ եւ ամէն մէկ թաղամաս առանձին պետութիւն է, բոլորը կը թալանեն քաղաքը», բացատրելով, որ քաղաքին մէջ ներկայիս 100 հազար մարդ կ'ապրի եւ անոնք կը գտնուին ականապատուած շէնքերու մէջ :