image

Բեթղեհէմի մէջ Թրամբի եւ Նաթանիահուի «տաք համբոյր»ը

Բեթղեհէմի մէջ Թրամբի եւ Նաթանիահուի «տաք համբոյր»ը

Պաղեստինեան Բեթղեհէմ քաղաքի նկարիչներէն մին  իսրայէլեան իշխանութիւններուն կողմէ կառուցուած քաղաքը մեկուսացնող պատին վրայ նկարած է ԱՄՆ նախագահ Թրամբն ու Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահուն, «տաք համբոյր» փոխանակած պահուն, կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրի հրապարակած լուսանկարներէն յստակ կը դառնայ, որ պատկերն արժանացած է զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութեան, որոնք պատկերին դիմաց ինքնանկարներ կը ստանան, իսկ ուրիշներ այնտեղ համբոյրներ կը փոխանակեն՝ Թրամբի եւ Նաթանիահուի նմանութեամբ:

Նշենք, որ այս նկարը Թրամբի առաջին պատկերը չէ, որ կատարուած է քաղաքը մեկուսացնող պատին վրայ: Մօտ երկու ամիս առաջ նոյն պատին վրայ յայտնուած էր Թրամբի պատկերը, ձեռքը մեկնած դէպի հրէական «Լացի պատ»ը, որ կը խորհրդանշէր Թրամբի վարչակարգին կողմէ Իսրայէլի վարած ռասիստական նախագիծերու հովանաւորման ու աջակցութեան: