image

Առանց Թրամբի աշխարհն աւելի լաւ պիտի ըլլայ. Զարիֆ

Առանց Թրամբի աշխարհն աւելի լաւ պիտի ըլլայ. Զարիֆ

 

Իրանի արտagin գործոց նախարար Մոհամատ Ճաուատ Զարիֆ կը կարծէ, որ աշխարհը աւելի լաւ պիտի դառնայ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի եւ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի հեռանալէն ետք: Այս մասին գրած է «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը:

 

«Թրամբի ռեժիմի՝ մարդկութեան հասցուցած վնասը բաւարար չէր անոր ծայրայեղականներու համար: Իր վերջին անփառունակ օրերուն Հուսիներու (որպէս ահաբեկիչ) ճանաչումը, որ ուղղուած է սաստկացնելու մարդասիրական մղձաւանջը և ռազմատենչ սուտը Իրանի դէմ Փոմփէոյի կողմէ, ցոյց կու տայ ամբողջ աշխարհի նկատմամբ անոնց արհամարհանքը: Մոլորակը աւելի լաւ պիտի դառնայ առանց անոնց»,-գրած է Զարիֆը Twitter-ի էջին:

Յիշեցնենք, որ 6 յունուարին Թրամբի աջակիցները գրոհած էին Ներկայացուցիչներու պալատը, ուր Քոնկրէսը հաւաքուած էր հաստատելու դեմոկրատ Ճօ Պայտընի յաղթանակը նախագահական ընտրութիւններուն: Ցոյցերու ժամանակ 4 մարդ մահացած է, տասնեակ մարդիկ ձերբակալուած են: Քոնկրէսի կողմէ Պայտընի յաղթանակի հաստատումէն ետք Թրամբ խոստացած է իշխանութեան խաղաղ փոխանցում իրականացնել: