image

Բակօ Սահակեանը մասնակցեցաւ Քարվաճարի «Մեղրի փառատօն»ին

Բակօ Սահակեանը մասնակցեցաւ Քարվաճարի «Մեղրի փառատօն»ին

Նախագահ Բակօ Սահակեանը 14 սեպտեմբերին Շահումեանի շրջանի Քարվաճառ քաղաքին մէջ մասնակցած է Արցախան մեղրի փառատօնին, կը տեղեկացնէ Արցախի հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութիւնը։


Նախագահը մեղուաբուծութեան զարգացումը Արցախի մէջ համարած է հեռանկարային ոլորտներէն մէկը՝ այս ծիրէն ներս կարեւորելով նման միջոցառումներու կազմակերպումը:

Միջոցառման ներկայ եղած են պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը, պաշտօնատար այլ անձինք: