image

Ազրպէյճանի ռազմական կարողութիւնները արգելափակող նոր օրինագիծ Քոնկրեսին մէջ

Ազրպէյճանի ռազմական կարողութիւնները արգելափակող նոր օրինագիծ Քոնկրեսին մէջ

Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին գործերու կոմիտէի հնագոյն անդամ, քոնկրեսական Պրետ Շերման 25 Յունիսին ներկայացուցած է լրացում, որով պիտի արգիլուի սպառազինութիւն վաճառել Ատրպէյճանին, որ կը վտանգէ քաղաքացիական օդանաւեր խոցելու երկրի հնարաւորութիւնները: Այս մասին կը տեղեկացնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:

Աղբիւրին համաձայն` այս նախաձեռնութեան նպատակն է, որպէսզի Պաքուին թոյլ չտայ մշտական սպառնալիք ներկայացնել Ստեփանակերտի քաղաքացիական օդակայանին դէմ:

«Այս լրացումը ազդանշան է Ատրպէյճանին, որ ան չի կրնար այսուհետ եւս սպառնալ, թէ պիտի խոցէ քաղաքացիական օդանաւերը: Կարելի չէ թոյլ տալ, որպէսզի Ատրպէյճանը վախցնէ հարեւանները»,- ըսած է Շերման:

Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանի խօսքով` Միացեալ Նահանգներ դէմ է քաղաքացիական ինքնաթիռներու ուղղուած որեւէ սպառնալիքի:

2011-ին Ատրպէյճանի Քաղաքացիական օդագնացութեան վարչութեան տնօրէն Արիֆ Մամետով տեղեկացուցած էր, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը նախազգուշացուցած է Քաղաքացիական օդագնացութեան միջազգային կազմակերպութիւնը (ICAO), որ թոյլ չէ տուած թռիչքներ կատարել դէպի Լեռնային Ղարաբաղ, եւ նշած, որ օդագնացութեան մասին օրէնքին համաձայն` իրենք կրնան «ֆիզիկապէս ոչնչացնել այնտեղ ուղեւորուող ինքնաթիռները»:

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի ներքին կանոնակարգի կոմիտէն, ինչպէս կը սպասուի, Անկախութեան օրուընէ ետք մէկ շաբաթուան ընթացքին պիտի քննէ հարցը, թէ արդեօք լրացումը հաւանութեան կ’արժանանայ: