Անցած գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդը տարբեր զինատեսակներէ հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է 45 անգամ, հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 600 կրակոց:
ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութեան հաղորդմամբ՝ բացի հրաձգային զինատեսակներէ, արեւելեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է ականանետեր՝ արձակելով 3 արկ:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնները ճնշելու համար դիմած են պաատսխան գործողութիւններու եւ շարունակած են իրականացնել մարտական դիրքերու պահպանութիւնը: