ՀՀԿ պատգամաւորները կը փորձեն հասնիլ ԱԺ նիստին քուորում ապահովելու համար:
Այսօր ԱԺ նիստին 105-էն կը մասնակցի ընդամէնը 27 պատգամաւոր: Արա Բաբլոյեանը յայտարարեց, որ քուորում չկայ, նիստը չի կայանար, բայց ԱԺ կանոնակարգ օրէնքի համաձայն, պտք է 4 ժամ սպասեն, եթէ դարձեալ պատգամաւորները չգան՝ նիստը չի կայանար: ԱԺ «Ծառուկեան» խմբակցութեան անունէն Վահէ Էնֆիաճեանը յայտարարեց, որ երկրի մէջ աննախադէպ վիճակ է ու իրենց խմբակցութիւնը կը յայտարարէ քաղաքական պոյքոթ, այս քառօրեայի աշխատանքներուն չի մասնակցիր: