image
Հրատապ լուրեր:

Ազգային Ժողովը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը

Ազգային Ժողովը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը

Ազգային ժողովի 6-րդ գումարման 4-րդ նստաշրջանի աշխատանքները պատգամաւորները սկսած են մէկ վայրկեան լռութեամբ` յարգելով աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը:

«Յարգելի գործընկերներ, երէկ կեանքէն հեռացաւ աշխարհահռչակ երգիչ, մեծ արուեստագէտ, մեր ազգի մեծ բարեկամ եւ զաւակ Շարլ Ազնաւուրը: Եկէք մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգենք մեր բարեկամին յիշատակը»,- «Արմենբրես»-ի հաղորդմամբ` ըսած է ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Բաբլոյեան:

Արա Բաբլոյեան նշած է, որ երկար կարելի է  խօսիլ Ազնաւուրի մասին, շատերը հնարաւորութիւն ունեցած են զայն ճանչնալու, իր հետ համագործակցելու:

«Ես ոչ միայն կ’որսնցուցի հռչակաւոր անձնաւորութիւն մը, մեր ազգի զաւակը, այլեւ կորսնցուցի իմ լաւ բարեկամը, իմ գործընկերը, որուն հետ երկրաշարժէն ի վեր համագործակցած ենք յանուն երեխաներու առողջութեան, անոնց ապագային: Միասին բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացուցած ենք»,-ըսած Բաբլոյեան: