image

«Այսօր հայրենի ժողովուրդի առողջութիւնը աւելի կարեւոր է, քան քաղաքական կամ տնտեսական առողջութիւնը».Արամ Ա.ի պատգամը ՝ Անթիլիասէն

«Այսօր հայրենի  ժողովուրդի  առողջութիւնը աւելի կարեւոր է, քան  քաղաքական  կամ տնտեսական  առողջութիւնը».Արամ   Ա.ի  պատգամը ՝ Անթիլիասէն

  Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան  Մայրավանքին   մէջ այսօր տեղի  ունեցած Սուրբ եւ  Անմահ Պատարագի ընթացքին      պատգամ մը արտասանելով  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ   Ն.Ս.ՕՏ.Տ.  Արամ Ա.   Կաթողիկոս   նկատել տուաւ, որ մօտէն կը հետեւի Հայաստանի  ընդհանուր  իրավիճակին։

 Վեհափառը,  որ  «Քորոնա»ի վարակի  տարածումէն   ետք առաջին  անգամ ըլլալով   հաւատացեալներու ներկայութեան   պատգամ մը արտասանեց   նկատել տուաւ, թէ «Ես    ցաւով կը տեսնեմ, որ մեր հայրենիքի մէջ   վարակակիրներու   թիւը   աւելիով կը բարձրանայ  եւ այս   Անթիլիասի  մայրավանքէն կոչ կուղղեմ   հայրենի մեր ժողովուրդին ըսելով ՝ մեզի համար մեր  ժողովուրդի  ֆիզիքական  առողջութիւնը     աւելի   կարեւոր է, քան  քաղաքական  կամ տնտեսական առողջութիւնը։ Պէտք է  այնպէս ընենք,  որ   մեր ժողովուրդի  ֆիզիքական անվտանգութեան   ապահովուի։ Ուր  ալ  ըլլան մեր հայրենակիցները՝ այստեղ,   Հայաստանի  կամ Արցախի  մէջ   անոնց կը  մաղթենք   լիարժէք   առողջութիւն»։

 Վեհափառը նաեւ շեշտեց, որ ամբողջ  աշխարհը պատուհասած  ժահրը  տակաւին երկար  ժամանակ  կրնայ   տեւել եւ  առ  այդ   ամբողջ   մարդկութիւնը, անոր  մէջ նաեւ   հայութիւնը  պարտաւոր է  որդեգրել    վարակին դէմ  պայքարելու     համար նախատեսուած   միջոցներուն։