Մինչ երկրէն դուրս գտնուող լիբանանցիները կը պատրաստուին իրենց մասնակցութիւնը բերել երկրի ընտրութիւններուն Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աուն ուղերձով մը հանդէս գալով բոլորին յորդորեց դրամով «չծախել» իրենց ձայները:
Աուն մասնաւորապէս ըսաւ, բոլոր քաղաքացիները կոչուած են մասնակցիլ ընտրութիւն հիմնուելով ազատ խիղճի արտայայտութեան վրայ:
«Հասարակական կեանքին մէջ արժէքներ կան, որ ձրի կը տրուին, ինչպիսին են սէրն ու վստահութիւնը եւ երբ վերանայ այդ մօտեցումը մեր սէրը կը վերածուի պոռնկութեան:
Սիրելի քաղաքացիներ յիշեցէք եւ հաշուի առէք, որ ան որ ձեզ այսօր դրամով կը փորձէ գնել, վաղը անպայման պիտի ծախէ եւ որեւէ մէկը որ կը ծախէ քաղաքացին անոր համար շատ հեշտ է իր հայրենիքը ծախելը» ըսաւ զօր. Աուն նշելով, որ Լիբանանէն դուրս գտնուող բոլոր քաղաքացիները կոչուած են օգտուիլ իրենց գտնուած վայրին մէջ քուէարկելու իրաւունք ունենալու բոլոր յարմարութիւններէն:
Լիբանանի նախագահը մտահոգութիւն յայտնեց վերջին շրջանին քաղաքական խօսակցութեան եւ «բառապաշար»ի անկումի երեւոյթին, ինչպէս նաեւ գործիչներու իրար հանդէպ թոյլ տուած անվայել արտայայտութիւններուն վերաբերեալ:
Նախագահը նաեւ կոչ ըրաւ բոլորին հեռու մնալ դաւանական մոլուցքներէն նկատել տալով, որ «դաւանական պայքարը եւ այլամերժութիւնը չարիք են մեր երկրին համար»: