Մանուէլ Քէշիշեանի սրտազեղ կանչը այնպէ՜ս զօրաւոր արձագանգեց Հալէպէն ներս նաեւ՛ Հալէպէն մղոններով հեռու գտնուող Հալէպահայուն հոգիէն ներս ... Ատենին մեր Հոգեւոր Պետերուն կոչը «Գաղութը կանգուն պահելու» նոյնքա՜ն եւ աւելի զօրաւոր քննադատութեան ենթարկուեցաւ: Կացութիւնը նոյն է, թերեւս աւելի վատ ջուրի, ելեքտրականութեան, զրկանքը սովորական առօրեայի մաս կը կազմէ, հոն մնացող հայուն եւ տեղացիին: Բայց ... Զարմանալօրէն դուրս ապաստանած հայն ալ արդէն կը մտածէ վերադարձի մասին գաղտնօրէն, երբեմն ալ բացայայտօրէն կ՛արտայատուի զիլ ձայնով:
«Այնպէս կուզեմ որ այս գաղութը մնայ» սրտի կանչ յօդուածը Մանուէլ Քէշիշեանի ներսի եւ դուրս ապաստանած հայուն սրտի կանչն է նաեւ...
Եւ իմ սիրտը կը զեղու խանդաղատանքո՜վ Հալէպի յիշողութեամբ,մօտիկ անցեալի, մեր պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան ուրախ օրերու ...
Ահա եւ մեր տունը Նայալ պողոտայի վրայ ուր ծնած եմ ես... Արաբական բակի մէջ տեղադրուած երկու սենեակները, դիմացի կողմը, խոհանոցը, բաղնիքը ու իմ սեւուլիկ շնիկս...
Սաստիկ ջերմէ կը տառապիմ ես , այդ օրերու համատարած
«բոլիօն» այցելած է նաեւ մեր տունը: Եղբայրներուս, քրոջս գուգուրանքի առարկան եմ, տան շփացած կրտսերը, եւ կը տառապիմ, կ՛այրիմ, կը խանձիմ ...
Արդէն լաւ եմ կը ցատկռտեմ եղբօրս կողքին, դպրոց կերթամ ես:
Յիշողութիւններ կը խուժեն ինձմէ ներս...զիրար կը հրմշտկեն:
Օ՜... Ես ա՛լ կուզեմ որ այս գաղութը մնայ ...
Մեր կեանքն է Հալէպը ... Մենք հոն մեծցանք ... հոն սորվեցանք սիրել մեր Հայրենիքը ազատօրէն.... Կրցանք հայօրէն հասակ
առնել: Հայկական եկեղեցի, հայկական դպրոց, հայկական զանազան մշակութային կեդրոններ, կուսակցական ակումբներ,
մարմնամարզական սրահներ, եւայլք:
Սովետական խստութիւնը չ՛ապրեցաւ Հալէպահայը, եղաւ իր անձին տէրը...միշտ եւ միշտ:
Հալէ՜պ առաջին կայան Ցեղասպանութենէ ետք, եղաւ առաջին հայրենիքը տարագիր հայուն ... Հայը սրտագին երգեց կերկերուն ձանով «Կռունկ ուստի կուգաս ... Ծառայ եմ ձայնիդ»
Բայց արդէն ունէր տախտակաշէն թիթաղաշէն իր խրճիթը
Սուք էլ Ահատի դիմաց ...Ռամատանիյէ շրջանի մէջ: Կիւրինցիներու քէմփը անմիջապէս կից Սուք էլ ԱՀԱՏԻ: Յետագային ... քարէ եւ ցեխով պատուած իր տնակը ... Պոլշեւիկ լեռը այժմ ԱՇՐԱՖԻԷ եւ ԽՈՐԴԼԱԽ այժմ ՃԷՊԷԼ ՍԷՅՏԷ:
Նոր Գիւղը ... Օ՜ հայուն Սիրտը... Օ՜Ճեմարանը՜ Հայուն Հոգի՜ն:
«Այնպէս կուզեմ որ մնայ այս գաղութը»
Ի գին ի՜նչ... ի՜նչ զոհողութիւններու...Աստուա՜ծ իմ...Ի գին ի՜նչ..
Զոհողութիւններու ...
Թո՛ղ մնայ այս գաղութը... բոլորին սրտի բաղձանքն է...
«Նօսրացած է արդէն գաղութը...Բայց կեանքը կը շարունակուի»
Բաց են դպրոցներու դռները, հոն ուսում կը ստանայ մեր նոր սերունդը, վաղուայ հայը...
Լիւսի Սիւլահեան