«Ան նման է նկարահանման վայրի.
Աւերուած անկողինը, յատակին եղած բեկորները
Ջարդուած փեղկերով դեղին պատուհաններ.
Այս ամբողջ տեսարանին մէջ... մարդ մը
Որ կը ծխէ եւ երաժշտութիւն կը լսէ
Այս է Հալէպը»:

Այս խօսքերով, ամերիկեան «TIME» պարբերականին մէջ Անտրու Քաթզ նկարագրած էր պատկերը, որ անցեալ շաբաթներուն լայնօրէն տարածուեցաւ ամբողջ ընկերային ցանցերուն մէջ: Տարածուած պատկերը բոլորովին տարբեր էր այն պատկերներէն, որոնք մարդիկ վարժուած էին տեսնել, ինչպէս՝ զէնք շալկող երեխաներ, որոնք կը դիմանան իր եօթներորդ տարին մտնող պատերազմի դաժանութեան:
Պատկերը, որ կը կրէ Ժոզէֆ Իտի ստորագրութիւնը, կը ներկայացնէ «Ապու Օմար, կամ Մուհամատ Մուհյի ալ-Տին Անասը, հին մեքենաներու սիրահար հալէպցին, որ չէր հեռացած իր սուրիական քաղաքէն, հակառակ բոլոր եղածներուն:

Շատեր արդէն ծանօթ էին Ապու Օմարին: 2016-ի սկիզբը Քարամ Ալ-Մասրի անունով անձ մը ֆրանսական AFP լրատուականէն ներկայացուցած էր անոր պատմութիւնը: Ապու Օմար, Ալ-Շահհար թաղամասի բնակիչ է, որ կը գտնուէր զինուած խմբաւորումներու հսկողութեան տակ: Ան 30 հնաոճ ինքնաշարժի հաւաքածոյ ունէր: Սակայն պատերազմի թէժացման հետ փոխուած էր գետնի վրայ իշխող ուժերու հաւասարակշռութիւնը եւ իր ստուերը թողած Ապու Օմարի սրտին շատ հարազատ հաւաքածոյին վրայ:

APF գործակալութեան Պէյրութի գրասենեակի տնօրէն՝ Սամի Քիթս եւ լուսանկարիչ Ժոզէֆ Իտ վերջերս Հալէպ այցելած էին եւ որոշած մօտէն ճանչնալ Ապու Օմարը: Երբ հասած են անոր տան մօտ, որոշ բնակիչներ առաջնորդած են զանոնք Ապու Օմարի տուն: Ապա պարզ դարձած է, որ վերջինս կորսնցուցած էր իր ինքնաշարժներու հաւաքածոյի երկու երրորդը՝ ոչնչացման եւ գողութեան հետեւանքով:
Ժոզէֆ իտ «Time» պարբերականին այս հանդիպման մասին ըսած է. «Թակեցինք դուռը: Երբ մօտէն տեսանք վիճակը, անդրադարձանք որ պէտք է աւելի խորանանք անոր կեանքի մանրամասնութիւններուն մէջ: Տան մէջ շրջագայութեան ընթացքին ան ըսաւ, որ ինք «Ֆոնոկրաֆ» կ'օգտագործէ, մանաւանդ, որ առանց ելեկտրականութեան կարելի է գործածել, եւ սկսաւ մեզի լսցնել կարգ մը սկաւառակներ ըսելով որ ինք չի կրնար երաժշտութիւն ունկնդրել, առանց ծխամորճի»,- պատմած է Իտ, նշելով, որ Ապու Օմար իր ամենասիրած երգը միացուցած է, որ սուրիացի երգիչ Մուհամմատ Տիյա Ալ-Տինի մէկ երգն է:

«Ան սերտօրէն կապուած է իր անցեալին եւ բոլոր այն բաներուն որոնք սիրած եւ գնահատած է... առանց այդ ամէնուն ան իր ինքնութիւնը կը կորսնցնէ, այդ իսկ պատճառով որոշած է մնալ եւ վերագտնել իր կեանքը»,- կը պատմէ Իտ:
Լիբանանցի լուսանկարիչը խօսելով իր տպաւորութեան մասին, ընդգծած է, որ ան երբէք այդ պատկերը պիտի չմոռնայ. «Ամէն անգամ, որ խնդիրի մը մէջ ըլլամ կամ յուսահատութենէ տառապիմ, պիտի վերյիշեմ Ապու Օմարի պատկերը, ծխամորճը ձեռքին, նստած աւերուած ու բեկորներով ծածկուած անկողինին վրայ եւ իր սիրած երաժշտութիւնը լսելու ժամանակ»:

Ինչ կը վերաբերի այս նկարի լայն տարածումին, հաւանաբար այն պատճառով, որ «մարդիկ յոգնեցան բռնութիւններէն... Այս պատկերը իւրաքանչիւր մարդու հոգիին «կը խօսի»:
Սակայն հակառակ ընկերային ցանցերու վրայ այս պատկերի գտած մեծ ընդունելութեան, նոյնպէս տեղ գտած են քննադատական մեկնաբանութիւններ, պատկերին «արհեստական» ըլլալուն վերաբերեալ:
Աղբիւրը ՝ «Ալ Ախպար»