image

Աւարտած է ՍԴՀԿ Հայաստանի մարմնի 11-րդ համագումարը.Սեդրակ Աճէմեան ատենապետ (Լուսանկար)

Աւարտած է ՍԴՀԿ Հայաստանի մարմնի 11-րդ  համագումարը.Սեդրակ Աճէմեան ատենապետ (Լուսանկար)

Սոցիալ Դեմոկրատ  Հնչակեան Կուսակցութեան Հայաստանի  մարմինը ընտրած է իր նոր Վարիչ Մարմինը ատենապետութեամբ Սեդրակ Աճէմեանի: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ՍԴՀԿ-ի մօտիկ կանգնող աղբիւրէ մը: Մեր տուեալներով մինչ Աճէմեան պիտի  վարէ կուսակցութեան ատենապետի պաշտօն, անդին երիտասարդ քատրերէն Արմէն  Մկրտչեան ստանձնած է կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի ներկայացուցիչի  պաշտօն:

Յիշեցնենք, որ կուսակցութիւնը իր 11-րդ համագումարը գումարած էր Աղվերանի մէջ: