image

Ատրպէյճանական զինուժը գնդակոծած է Տաւուշի Բաղանիս գիւղը

Ատրպէյճանական զինուժը գնդակոծած է Տաւուշի  Բաղանիս գիւղը

Ատրպէյճանական զինուժը, 11 Սեպտեմբերին, գնդակոծած է Տաւուշի մարզի Բաղանիս գիւղը, տուժածներ չկան: Այս մասին յայտնած է խոշորացուած Նոյեմբերեան համայնքի ղեկավար Կարէն Աբազեան:

«Քանի մը օր առաջ ալ կրակած են, երէկ ալ երեկոյեան քանի մը անգամ կրակեցին»,- ըսած է ան:

Համայնքի ղեկավարին խօսքով` վերջին 6 օրուան ընթացքին ատրպէյճանական զինուժը գիւղը գնդակոծած է երկու անգամ: Կարէն Աբազեան նշած է, որ նախապէս կրակոցները այդքան յաճախակի չէին ըլլար։