Ատրպէյճանական զինուժը, 11 Սեպտեմբերին, գնդակոծած է Տաւուշի մարզի Բաղանիս գիւղը, տուժածներ չկան: Այս մասին յայտնած է խոշորացուած Նոյեմբերեան համայնքի ղեկավար Կարէն Աբազեան:
«Քանի մը օր առաջ ալ կրակած են, երէկ ալ երեկոյեան քանի մը անգամ կրակեցին»,- ըսած է ան:
Համայնքի ղեկավարին խօսքով` վերջին 6 օրուան ընթացքին ատրպէյճանական զինուժը գիւղը գնդակոծած է երկու անգամ: Կարէն Աբազեան նշած է, որ նախապէս կրակոցները այդքան յաճախակի չէին ըլլար։