Իրանը պաշտպանութենէն պիտի անցնի յարձակողական գործողութիւններու, եթէ Միացեալ Նահանգները շարունակէ յարձակումները Իսլամական Հանրապետութեան վրայ 2-3 օրուան ընթացքին, յայտարարած է Իրանի գերագոյն առաջնորդի խորհրդականը։
«Եթէ ԱՄՆ-ի յարձակումները շարունակուին առաջիկայ 2-3 օրուան ընթացքին, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան զինուած ուժերը զսպման եւ պատասխան գործողութիւններու փուլէն պիտի անցնին յարձակման եւ ամբողջական ոչնչացման փուլի»,- Իրանի պետական հեռուստատեսութեան եթերով յայտարարաղ է Մոհսէն Ռեզային։
Քաղաքական գործիչն ընդգծած է, որ Թեհրանը յարձակման պիտի ենթարկէ ոչ միայն ԱՄՆ-ի այն կայանները, որոնք կը գտնուին հակամարտութեան գօտիին մէջ, այլեւ անկէ դուրս։
Նշենք, որ վերջին օրերուն ԱՄՆ-Իրան յարաբերութիւնները կրկին սրած են։ ԱՄՆ-ն հարուածներ կը հասցնէ Իրանին, իսկ Իրանը տարածաշրջանին մէջ տեղակայուած ԱՄՆ ռազմական կառոյցներուն։
Աւելի վաղ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ հակառակ որ Իրանի հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին, բայց ռազմական գործողութիւնները պիտի չդադրին եւ իրենք պիտի փակեն Հորմուզի նեղուցը այն նաւերու համար, որոնք կապ ունին Իրանի հետ։