image

Քիմ Քարտաշեանի տատիկը՝ Մերի Ճո Քեմփպըլը, կեանքէն հեռացած է 91 տարեկանին

Քիմ Քարտաշեանի տատիկը՝ Մերի Ճո Քեմփպըլը, կեանքէն հեռացած է 91 տարեկանին

 

Քիմ Քարտաշեանի մեծ մայրը՝ Մերի Ճո Քեմփպըլը, մահացած է 91 տարեկան հասակին։ Այս մասին ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուցած է Քրիս Ճենները՝ Քիմի մայրը։

«Այսօր վերջին հրաժեշտը տուինք իմ գեղեցիկ մայրիկիս՝ MJ-ին։ Ան մեզի սորվեցուց, որ ընտանիքը ամէն ինչ է։ Ցոյց տուաւ ինչպէս անվերապահօրէն սիրել եւ ինչպէս ուրախութիւն գտնել կեանքի փոքր պահերուն մէջ։ Ան ինծի սորվեցուց, թէ ինչպէս տոկունութեամբ եւ հաւատքով դիմագրաւել կեանքի մարտահրաւէրները»,– գրած է Ճենները։

Տասնամեակներ շարունակ հեռուստաշոուին իր մասնակցութեան ընթացքին MJ-ն ձեռք բերած էր իր սեփական երկրպագուներու շրջանակը՝ իր սրամիտ արտայայտութիւններով եւ իմաստուն խորհուրդներով։ Ան յաճախ կը կատակէր իր ընտանիքի շքեղ ապրելակերպի մասին եւ կը պատմէր, թէ ինչպէս երկու անգամ յաղթահարած էր քաղցկեղը, ինչի համար ընտանիքի անդամները մեծապէս կը հիանային իրենով։

Քիմ Քարտաշեան եւս ընկերային ցանցերու վրայ գրառում հրապարակած է՝ նուիրուած իր մեծ մօրը, զինք նկարագրելով որպէս իր լաւագոյն ընկերուհին, իր գաղտնիքներու եւ բամբասանքներու վստահելի զրուցակիցը եւ իր յաւերժական երկուորեակը։

«Դուն մեզ բոլորիս սորվեցուցիր ընտանիքի կարեւորութիւնը, եւ այդ արժէքները յաւիտեան մեզի հետ պիտի մնան։ Դուն այն կինն էիր, որ ինծի ցոյց տուաւ, թէ ինչ կը նշանակէ ըլլալ աշխատասէր գործարար»,– գրած է Քիմը։

Ան աւելցուցած է, որ MJ-ն իրեն տուած է իր առաջին աշխատանքը Սան Տիէկոյի իր մանրածախ վաճառատան մէջ եւ սորվեցուցած է աշխատասիրութեան, ուժի եւ ինքնավստահութեան մասին դասեր, որոնք մինչեւ այսօր կը կրէ իր հետ։