image

Ատրպէյճան կը կազմակերպէ իր սեփական սփիւռքը՝ հայկական սփիւռքի հետ մրցելու համար

Ատրպէյճան կը կազմակերպէ իր սեփական սփիւռքը՝ հայկական սփիւռքի հետ մրցելու համար

Յարութ Սասունեան 

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Տասնամեակներ շարունակ թրքական կառավարութիւնը չափազանցուած պատկերացում ունեցած է հայկական սփիւռքի մասին, զայն ներկայացնելով իբրեւ համաշխարհային հսկայական ուժ: Վերջին տարիներուն Ատրպէյճան վարակուած է միեւնոյն վախով՝ հայկական սփիւռքի նկատմամբ: Նախագահ Ալիեւ «հայկական սփիւռք»ը ներկայացուցած է իբրեւ Ատրպէյճանի ամէնէն մեծ թշնամին: Հետեւաբար, Ատրպէյճանի ղեկավարները սկսած են հսկայական միջոցներ վատնել՝ զանազան երկիրներու մէջ իրենց սեփական սփիւռքը ձեւաւորելու նպատակով՝ իբրեւ «հայկական հզօր լոպիի» հակառակորդ:

 

Զարմանալիօրէն, մինչ Հայաստանի կառավարութիւնը ծրագիրներ կը մշակէ երկրէն դուրս գտնուող հայերու հայրենադարձութեան համար, Ատրպէյճան կը փորձէ ճիշդ հակառակը ընել՝ խրախուսելով ատրպէյճանցիներու տեղափոխումը նախկին խորհրդային երկիրներ, Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ՝ իր սփիւռքը ընդլայնելու համար...

 

Ատրպէյճանի ափիւռքին հետ աշխատանքի պետական  ​​կոմիտէի նախագահ Նազիմ Իպրահիմով վերջերս յայտարարած է, որ «համակարգող կեդրոններու ստեղծումը աշխարհի ատրպէյճանցիներու համար կը շարունակուի եւ այդ մէկը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի  առաջնահերթութիւններէն մէկն է...: Ատրպէյճանի պետութիւնը նիւթական հսկայական պայմաններ ստեղծած է այս ընելու համար: Նախագահի հրահանգով, մենք կ՛աջակցինք մեր սփիւռքեան կազմակերպութիւններուն, ամբողջ աշխարհի տարածքին: Այս գործունէութեան շնորհիւ, ատրպէյճանական սփիւռքը ոչ միայն պատշաճ կերպով կը պատասխանէ հայկական լոպիին, այլեւ երբեմն կը յաղթէ անոր»:

 

Անցեալ տարի Պաքուի պետական  ​​համալսարանի շրջանաւարտ Սերգէյ Ռումեանցեւ յօդուած մը հրապարակեց OpenDemocracy.net կայքին մէջ՝ «Կեցցէ ատրպէյճանական սփիւռքը» վերնագրով՝ նշելով, որ «Բաքուն ամէն բան կ՛ընէ, որպէսզի  զօրաշարժի  ենթարկէ  կամ  նոյնիսկ  ստեղծէ  համաշխարհային ատրպէյճանական սփիւռք»: Ատրպէյճանական սփիւռքի հիմնական նպատակն է՝ հակազդել հայերուն Արցախեան հակամարտութեան մէջ: Ատրպէյճանի ղեկավարները հայկական սփիւռքը կը դիտեն «որպէս չափազանց ազդեցիկ եւ խիստ համախմբուած», ուստի «Ատրպէյճանի մէջ Իլհամ Ալիեւի իշխող վարչակարգի համար արտասահմանի մէջ սփիւռքը կը հանդիսանայ քաղաքական լոպիի հոմանիշ»:

 

Ատրպէյճանցիները հայկական սփիւռքի մասին այնպիսի չափազանցուած տեսակէտ ունին, որ երբ անցեալ տարի Ռուսիոյ Գերագոյն դատարանը որոշեց չեղեալ համարել համառուսական ատրպէյճանական համագումարի արձանագրութիւնը, «շատ [ատրպէյճանցի] մեկնաբաններ շտապեցին եզրակացութիւններ ընել հայկական դաւադրութիւններու եւ խարդաւանանքներու մասին», գրած է Ռումեանցեւ: Ճշմարտութիւնը այն է, որ ատրպէյճանական կազմակերպութիւնը խախտած էր ռուսական օրէնքները: Հայերը ոչ մէկ կապ ունէին ատոր փակման հետ:

 

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները այնքան տպաւորուած էին հայկական սփիւռքի քաղաքական ազդեցութեամբ, որ 2000ականներու սկիզբը անոնք «այս նախագիծին մէջ ներդրած էին մեծ թիւով նիւթական եւ խորհրդանշական դրամագլուխ: Անոնք փորձած էին կարելի եղածին չափ արագ հնարել իրենց երեւակայած սփիւռքը», ըստ Ռումեանցեւի:

 

Ամէն բան սկսաւ անկէ, երբ, 1970-80-ականներուն, Հէյտար Ալիեւ՝ ներկայ նախագահին հայրը, Խորհրդային Ատրպէյճանի ղեկավարն էր: Ան կազմակերպեց ատրպէյճանցի բազմաթիւ ուսանողներու կրթութիւնը՝ Խորհրդային Միութեան  զանազան համալսարաններուն մէջ եւ խրախուսեց ատրպէյճանցիներու տեղափոխութիւնը դէպի խորհրդային զանազան  հանրապետութիւններ...

 

Մինչեւ 16 Մարտ 2016՝ ատրպէյճանցիներու Երկրորդ համաշխարհային գոնկրեսի կայացումը, «արտասահմանի ատրպէյճանցիներու հետ աշխատանքի պետական կոմիտէն նկարահանած էր վաւերագրական ժապաւէն՝ «Մենք 50 միլիոննոց ազգ ենք» վերնագրով», գրած է Ռումեանցեւ: Կոմիտէն յայտարարած է, որ 10 միլիոն ատրպէյճանցիներ կ՛ապրին աշխարհի մօտաւորապէս 70 երկիրներու մէջ:

 

Ռումեանցեւ համոզուած է, որ երկրէն դուրս ապրող ատրպէյճանցիները ամրակուռ խումբ չեն. զգալի տարբերութիւն կայ ատրպէյճանցի գաղթականներու գտնուած շրջաններուն մէջ. «ատրպէյճանական սփիւռքի աշխուժութիւնը հիմնականին մէջ կը սահմանափակուի ատրպէյճանցի գործարարներու եւ անոնց ընտանիքի անդամներով կազմուած նեղ շրջանակով»:

 

Ռումեանցեւ պատմած է արտերկրի մէջ ատրպէյճանցիներու կազմակերպչական ջանքերու սկզբնաւորման մասին. «2001 Նոյեմբերին Պաքուի մէջ Հեյտար Ալիեւի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ ատրպէյճանցիներու  համաշխարհային  հիմնադիր  համագումարը:  Յաջորդ տարին ստեղծուեցաւ արտասահմանի մէջ ատրպէյճանցիներու հետ աշխատանքի պետական ​​ կոմիտէ, որուն մնայուն ղեկավար նշանակուեցաւ Նազիմ Իպրահիմով: Անոր գլխաւորած առաջին ժողովը յանգեցաւ յաւելեալ մարմնի մը ստեղծան՝ «Աշխարհի ատրպէյճանցիները համակարգող խորհուրդ» անունով, անշուշտ համաատրպէյճանական նախագահ Հէյտար Ալիեւի գլխաւորութեամբ: Հետագային սփիւռքի կառուցման յաջողութիւնը կը չափուէր անով, թէ քանի՞ կազմակերպութիւն գոյութիւն ունի եւ թէ ինչպէ՞ս միացնել այդ բոլորը մէկ կառոյցի մէջ»:

 

Ատրպէյճանցիներու Համաշխարհային գոնկրեսը բաղկացած է տեղական/տարածաշրջանային մարմիններէ, այնուհետեւ ատրպէյճանական կազմակերպութիւնները տարբեր երկիրներու մէջ եւ, վերջապէս, Համաշխարհային գոնկրեսը, որ իր հրամանները անմիջականօրէն կը ստանայ Ատրպէյճանի կառավարութենէն:

 

Նախագահ Իլհամ Ալիեւ հպարտութեամբ յայտարարած է Ատրպէյճանցիներու համաշխարհային գոնկրեսի վերջին համաժողովի մասնակիցներուն. «Եթէ հինգ տարի առաջ մենք ունէինք 336 սփիւռքեան կազմակերպութիւններ, ապա այժմ անոնց թիւը կը հասնի 416ի»: 2015ին կայացած Չորրորդ համաշխարհային գոնկրեսին մէջ պատուիրակները յայտարարեցին, որ գոյութիւն ունին նման 462 կազմակերպութիւններ»:

 

Ատրպէյճանի պաշտօնական լրատուական միջոցները ատրպէյճանցիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած թիւով քանի մը միջոցառումներ ամբողջ աշխարհին կը  ներկայացնեն չափազանցուած ձեւով, կարծես թէ մեծ թիւով ատրպէյճանցիներ ընդգրկուած են ատրպէյճանամէտ գործունէութեան մէջ՝ Եւրոպայի կամ Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ իբրեւ աջակցութիւն Ալիեւի վարչակարգին։ Օրինակ, երբ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 2006ին  այցելեց Պերլին, փոքր թիւով ատրպէյճանցիներ բողոքի  ցոյց  կազմակերպեցին եւ հետեւեալ ուղերձը յղեցին նախագահ Ալիեւի. «Պարոն Նախագահ, Դուք կը վայելէք  ամբողջ աշխարհի ատրպէյճանցիներուն աջակցութիւնը…»։

 

Ռումեանցեւ իր յօդուածը կ՛աւարտէ՝ նշելով, որ ատրպէյճանական սփիւռքը չի կրնար համեմատուիլ հայերու, հրեաներու եւ յոյներու դասական սփիւռքներուն հետ։ Երկրէն դուրս գտնուող ատրպէյճանական կազմակերպութիւններու մեծ  մասը «գոյութիւն ունի միայն թուղթի վրայ»։

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան