Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արցախեան ազատագրական պայքարի 30ամեակի առթիւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի մասնաճիւղը Մարտ 17ին միօրեայ համաժողով կազմակերպեց: Համաժողովը տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ Էնսինօ քաղաքի Ֆերահեան ազգային վարժարանին մէջ: Բանախօսներն էին՝ պատմաբան դոկտ. Կարօ Մոմճեան, «Քալիֆորնիա քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Յարութ Սասունեան, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհուրդի անդամ Սթիւըն Տատայեան, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Լեւոն Կիրակոսեան եւ Վաչէ Թոմասեան:
Ստորեւ ներկայացուած են հատուածներ՝ համաժողովի ընթացքին Յարութ Սասունեանի ելոյթէն.
Միաւորուած ազգերու կազմակեպութեան (ՄԱԿ) Անվտանգութեան խորհուրդը 1993-ին, Արցախեան պատերազմի ժամանակ ընդունած է չորս բանաձեւ՝ պահանջելով հայկական ուժերու դուրս բերում, ռազմական բոլոր գործողութիւններու դադրեցում, կոչ ընելով՝ բանակցութիւններու միջոցով հակամարտութեան կարգաւորում Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ:
Այս չորս բանաձեւերը յաճախ կը մէջբերեն ատրպէյճանական լրատուական միջոցները, որոնք կը գտնուին Ատրպէյճանի իշխանութիւններու խիստ հսկողութեան տակ: Վերջին 25 տարիներուն ատրպէյճանցիները բազմիցս դատապարտած են Հայաստանը՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերը չկատարելուն համար եւ զանոնք վերածած՝ Հայաստանի դէմ շարունակուող իրենց քարոզչական պատերազմին մէկ մասը:
Սակայն, Ատրպէյճան խեղաթիւրած է այդ բանաձեւերուն բովանդակութիւնն ու համագրութիւնը` փորձելով մոլորութեան մէջ պահել միջազգային հասարակական կարծիքը: Ատրպէյճան ի՛նք չէ կատարած այս բանաձեւերը: Երբ մէկ կողմը (Ատրպէյճան) կը խախտէ այս բանաձեւերը, ան չի կրնար մեղադրել միւս կողմը (Հայաստան)՝ զանոնք չկատարելու յանցանքով:
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը բաղկացած է 15 պետութիւններէ, որոնցմէ հինգը մնայուն անդամներ են եւ ունին վեթոյի իրաւունք (ԱՄՆ, Ռուսիա, Չինաստան, Մեծն Բրիտանիա եւ Ֆրանսա), իսկ միւս տասն՝ ոչ մնայուն անդամներ են եւ կ՛ընտրուին երկու տարի ժամկէտով: ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը պատասխանատու է ազգերու միջեւ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման: ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւնները պարտաւոր են կատարել Անվտանգութեան խորհուրդի որոշումները:
Յատկապէս Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ կեղծաւորութիւն է մեղադրել Հայաստանը՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի չորս բանաձեւերը չկատարելու յանցանքով, այն պարագային, երբ Թուրքիա ի՛նք խախտած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի աւելի քան 60 բանաձեւերը, սկսեալ 1974 թուականէն, Հիւսիսային Կիպրոս ներխուժելէն ետք:
Այժմ եկէք դիտարկենք ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի չորս բանաձեւերը, որոնք միաձայնութեամբ ընդունուած են 15 անդամ պետութիւններու կողմէ: Այս չորս բանաձեւերու որոշ դրոյթներու վերջաւորութեան սեւ տառատեսակով աւելցուցած եմ իմ մեկնաբանութիւնները:
Հատուածներ՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 822 բանաձեւէն, որ ընդունուած է 30 Ապրիլ 1993-ին.
«Կը պահանջէ ռազմական եւ թշնամական բոլոր գործողութիւններու անյապաղ դադրեցում՝ կայուն զինադադար հաստատելու համար, ինչպէս նաեւ բոլոր գրաւող ուժերու դուրս բերումը Քելբաջարի շրջանէն եւ Ատրպէյճանի՝ վերջերս գրաւուած այլ տարածքներէն»: Վերջին 25 տարիներուն ընթացքին Ատրպէյճան մնայուն կերպով խախտած է հրադադարը՝ շարունակ կրակելով Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններու ամբողջ երկայնքով:
«Կողմերուն կոչ կ՛ընէ անյապաղ վերսկսիլ հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով բանակցութիւնները՝ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան համաժողովի Մինսքի խումբի խաղաղութեան գործընթացի շրջանակներէն ներս եւ ձեռնպահ մնալ որեւէ գործողութենէ, որ կը խոչընդոտէ հարցի խաղաղ լուծումը»: Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան համաժողովի (հետագային՝ ԵԱՀԿ) Մինսքի խումբը բաղկացած է երեք համանախագահներէ` ԱՄՆ, Ֆրանսա եւ Ռուսիա. անոնք կը հանդիսանան պաշտօնական միջնորդները, որոնք կ՛օգնեն լուծելու ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, այլ ոչ թե ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը:
«Կոչ կ՛ընէ անարգել մուտք ապահովել տարածաշրջանի մէջ միջազգային մարդասիրական օգնութեան համար, մասնաւորաբար հակամարտութեան ազդեցութեան տակ գտնուող բոլոր շրջաններուն մէջ՝ քաղաքացիական բնակչութեան տառապանքները թեթեւցնելու նպատակով, եւ կը վերահաստատէ, որ բոլոր կողմերը պարտաւոր են պահպանելու միջազգային մարդասիրական սկզբունքներն ու կանոնները»: Հակառակ այս դրոյթին՝ Ատրպէյճան փորձած է խոչընդոտել Արցախի ժողովուրդին մարդասիրական միջազգային օգնութեան տրամադրումը:
Հատուածներ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 853 բանաձեւէն, որ ընդունուած է 29 Յուլիս 1993-ին.
«Անգամ մը եւս իր խոր մտահոգութիւնը արտայայտելով Ատրպէյճանի Հանրապետութեան մէջ մեծ թիւով քաղաքացիներու տեղահանման եւ տարածաշրջանի մէջ գոյութիւն ունեցող մարդասիրական լուրջ ու արտակարգ իրավիճակի վերաբերեալ»: «Տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական լուրջ ու արտակարգ իրավիճակի վերաբերեալ» յղումը կը վերաբերի նաեւ Ատրպէյճանի հայ գաղթականներուն:
«Վերահաստատելով Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ տարածաշրջանի միւս բոլոր պետութիւններու ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը»: Այս դրոյթը կը վերաբերի ինչպէս Հայաստանի, այդպէս ալ Ատրպէյճանի:
«Վերահաստատելով նաեւ միջազգային սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը եւ ուժի կիրառման անթոյլատրելիութիւնը՝ տարածք ձեռք բերելու համար»: Համաձայն միջազգային իրաւունքի եւ ՄԱԿ-ի Արձանագրութիւններու՝ Արցախի հայերը ունին ինքնորոշման իրաւունք:
«Վերոնշեալ 3-րդ եւ 4-րդ կէտերու համագրութեան մէջ կը կրկնէ իր նախկին կոչերը՝ տարածաշրջանին մէջ տնտեսական, երթեւեկութեան եւ ուժանիւթի կապերու վերականգնման համար»: Այս դրոյթը կը խախտեն Ատրպէյճան եւ Թուրքիա՝ իրենց կողմէ իրականացուած Հայաստանի եւ Արցախի շրջափակմամբ:
«Կոչ կ՛ընէ շահագրգիռ կողմերուն՝ ձեռնպահ մնալ որեւէ գործողութենէ, որ կը խոչընդոտէ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը եւ հետամուտ կ՛ըլլայ բանակցութիւններու վարման՝ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան համաժողովի Մինսքի խումբի շրջանակներէ ներս, ինչպէս նաեւ անոնց միջեւ ուղիղ շփման միջոցով` վերջնական կարգաւորման նպատակով»: Յղումը «շահագրգիռ կողմերուն» եւ «անոնց միջեւ ուղիղ շփումը» կ՛ենթադրէ Արցախի ներգրաւումը բանակցութիւններու մէջ, ինչպէս եղած է նախապէս: Ատրպէյճան արգելափակած է Արցախի մասնակցութիւնը՝ բանակցութիւններուն:
«Կոչ կ՛ընէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան շարունակելու իր ազդեցութիւնը՝ հասնելու համար Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Լեռնային Ղարաբաղի շրջանի հայերու կողմէ իր 822 (1993) բանաձեւին եւ սոյն բանաձեւի կատարման եւ այս կողմի՝ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան համաժողովի Մինսքի խումբի առաջարկի ընդունման»։ Հայաստան կը համակարգէ իր բանակցային դիրքորոշումը Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան հետ: Սակայն, Արցախի դուրս բերումը բանակցութիւններէ՝ կը բարդացնէ համակարգման առաջադրանքը: Աւելին, Արցախ ճանչցուած պետութիւն եւ ՄԱԿ-ի անդամ չըլլալով, պարտաւոր չէ կատարելու այս բանաձեւերէն որեւէ մէկը։
«Կոչ կ՛ընէ պետութիւններուն՝ ձեռնպահ մնալ մատակարարելէ որեւէ տեսակի զէնք եւ զինամթերք, որոնք կրնան յանգեցնել հակամարտութեան խորացման կամ տարածքներու երկարատեւ գրաւման»: Այս դրոյթը կը խախտեն Թուրքիա, Ռուսիա, Իսրայէլ, Չեխիա, Ուքրանիա, Փաքիստան եւ քանի մը այլ երկիրներ, որոնք Ատրպէյճանի մատակարարած են միլիառաւոր տոլարի զէնքեր:
(Շարունակութիւնը՝ յառաջիկայ շաբաթ)
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան