Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութենէն ներս տեղի ունեցած է Հակաքորուփցիոն քաղաքականութեան խորհուրդի նիստ:
Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը յայտնէ, որ քննարկուած են նիստի օրակարգին մէջ ընդգրկուած շարք մը հարցեր:
Վարչապետը կարեւորած է հակաքորուփցիոն միջոցառումներու հասցէականութիւնը եւ հետաքրքրուած է անոնց գործնական արդիւնաւէտութեամբ: Նիկոլ Փաշինեան, մասնաւորապէս, կարեւորած է քաղաքական քորուփցիայի դրսեւորումներու կանխարգելման ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքը: Այս ծիրէն ներս Քորուփցիայի կանխարգելման յանձնաժողովի նախագահ Հայկուհի Յարութիւնեան նշած է, որ Յանձնաժողովը շարունակական ուսումնասիրութիւններ կ'իրականացնէ պետական պաշտօն զբաղցնող եւ միաժամանակ ձեռնարկատիրական գործունէութիւն իրականացնող անձանց նկատմամբ, եւ որոշ պաշտօնեաներու վերաբերեալ ստուգումներու արդիւնքները, եզրակացութիւնները ուղարկուած են իրաւապահ մարմիններուն: Կան յարուցուած քրէական գործեր, որոնք կը գտնուին նախաքննութեան փուլի մէջ:
Յարութիւնեան նշած է, որ հաշուետու ժամանակահատուածին մէջ իրականացուած է պետական պաշտօններուն նշանակման ենթակայ 47 անձի, այդ շարքին՝ դատախազի թեկնածուներու, դատաւորներու յաւակնորդի թեկնածուներու, Սահմանադրական դատարանի դատաւորի թեկնածուներու, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամներու թեկնածուներու բարեվարքութեան ստուգում, որմէ 26-ը՝ դրական, 16-ը՝ դրական վերապահումով, 4-ը՝ բացասական, 1-ի առնչութեամբ եզրակացութիւն չէ ներկայացուած: Շարունակուած է գոյքի, եկամուտներու եւ շահերու յայտարարագրման համակարգի կատարելագործման աշխատանքը. 2019-ի համեմատ 3 անգամ աճած է յայտարարատու անձանց թիւը, իրականացուած է գրեթէ 640 յայտարարագրի վերլուծութիւն, որմէ 210-ը՝ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի (ԲԴԽ) անդամներու, Սահմանադրական դատարանի (ՍԴ) անդամ/դատաւորներու, անոնց ընտանիքի անդամներու յայտարարագրերը: Վերլուծութեան արդիւնքներով Յանձնաժողովը յարուցած է 4 վարոյթ՝ վարքագիծի կանոններու, անհամատեղելիութեան պահանջներու, այլ սահմանափակումներու խախտումներու վերաբերեալ եւ համապատասխան եզրակացութիւն ներկայացուցած:
Օրակարգի հարցերու շրջագիծէն ներս Արդարադատութեան նախարարը ներկայացուցած է Հակաքորուփցիոն կոմիտէի եւ Հակաքորուփցիոն դատարաններու ստեղծմանն ուղղուած օրէնսդրական փաթեթներու եւ անոնց գործունէութեան ապահովման նպատակով իրականացուող քայլերը:
Համաձայն հաղորդագրութեան, վարչապետը նշած է, որ Հակաքորուփցիոն դատարաններու դատաւորներու համարժէք վարձատրութիւնը դրական դեր պիտի ունենայ եւ պիտի նպաստէ որակեալ աշխատանքին: Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է նաեւ հակաքորուփցիոն մարմիններու անձնակազմի ներքին բարեվարքութեան ստուգման մեքենականութեան պատադիր ներդրումը՝ այն համարելով նոր չափանիշերով ստեղծուող համակարգի գործունէութեան առաջնահերթութիւն:
Հակաքորուփցիոն խորհուրդի նիստին ներկայացուած է նաեւ իրական շահառուներու համատարած բացայայտմանն ուղղուած օրէնսդրական փաթեթը: Բադասեան նշած է, որ կը նախատեսուի գործող 2՝ իրական շահառուներու եւ սեփականատէրերու հիմնարկներու միասնականացմամբ ներդնել իրական սեփականատէրերու բացայայտման գործուն մեքենականութիւն: Այն պիտի տարածուի բոլոր իրաւաբանական անձանց վրայ եւ միտուած է իրական սեփականատէրերու բացայայտելիութեան բարձրացման՝ ելեկտրոնային համակարգի ներդրման եւ տեղեկատուական համապարփակ շտեմարանի ստեղծման միջոցով: Տեղեկատւութիւնը պիտի ըլլայ հրապարակային: