Այժմու Թուրքիոյ Ատանա քաղաքին մէջ ազգայնականներու 100 հոգիէ բաղկացած խումբը յարձակում գործած է սուրիացի ներգաղթեալներու տուներու վրայ, կը յայտնէ թրքական «DHA» գործակալութիւնը: Ծեծկռտուքին հետեւանքով 2 սուրիացի ծանր մարմնական վնասներով հիւանդանոց տեղափոխուած են: Դէպքի վայր ժամանած ոստիկանական ուժերն ամբողջ գիշերը փորձած են հանդարտեցնել կիրքերը: Այժմ սուրիացի ներգաղթեալներու թաղամասը ժամանակաւորապէս պարսպապատուած է ոստիկանութեան կողմէ:
Նշենք, որ ամիսներ առաջ սուրիացի ներգաղթեալները յարձակումներու ենթարկուած էին Ուրֆայի, Ատանայի, Սաքարիայի եւ Այնթապի մէջ:
Օրեր առաջ Թուրքիոյ Մերսին քաղաքին մէջ սուրիացի կնոջ մը վրայ յարձակած տղամարդը կտրած էր անոր կոկորդը: Իսկ շաբաթներ առաջ Սաքարիայի մէջ 20-ամեայ յղի սուրիացի կին մը բռնաբարած էին ու քարերով վնասած անոր գլուխը, անոր հետ միասին սպաննուած էր վերջինիս 10 ամսական որդին: