image

Ատանայի մէջ թուրք ազգայնականներ յարձակած են սուրիացի փախստականներու վրայ

Ատանայի մէջ թուրք ազգայնականներ յարձակած են սուրիացի փախստականներու վրայ

Այժմու Թուրքիոյ Ատանա քաղաքին մէջ ազգայնականներու 100 հոգիէ բաղկացած խումբը յարձակում գործած է սուրիացի ներգաղթեալներու տուներու վրայ, կը յայտնէ թրքական «DHA» գործակալութիւնը: Ծեծկռտուքին հետեւանքով 2 սուրիացի ծանր մարմնական վնասներով հիւանդանոց տեղափոխուած են: Դէպքի վայր ժամանած ոստիկանական ուժերն ամբողջ գիշերը փորձած են հանդարտեցնել կիրքերը: Այժմ սուրիացի ներգաղթեալներու թաղամասը ժամանակաւորապէս պարսպապատուած է ոստիկանութեան կողմէ:

Նշենք, որ ամիսներ առաջ սուրիացի ներգաղթեալները յարձակումներու ենթարկուած էին Ուրֆայի, Ատանայի, Սաքարիայի եւ Այնթապի մէջ:

Օրեր առաջ Թուրքիոյ Մերսին քաղաքին մէջ սուրիացի կնոջ մը վրայ յարձակած տղամարդը կտրած էր անոր կոկորդը: Իսկ շաբաթներ առաջ Սաքարիայի մէջ 20-ամեայ յղի սուրիացի կին մը բռնաբարած էին ու քարերով վնասած անոր գլուխը, անոր հետ միասին սպաննուած էր վերջինիս 10 ամսական որդին: