image

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան արձակուրդի կը մեկնի

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան արձակուրդի կը մեկնի

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանին արձակուդ տրամադրելու մասին որոշում ստորագրած է։ Այս մասին հրապարակուած է ՀՀ ելեկտրոնային կառավարման` e-gov.am կայքին մէջ։

Որոշման համաձայն, առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանին տրամադուած է 2018-2019 եւ 2019-2020 աշխատանքային տարուան նուազագոյն արձակուրդի չօգտագործուած մասը՝ 31 օգոստոս 2020-էն 18 սեպտեմբեր 2020-ը ներառեալ:

Արսէն Թորոսեանի արձակուրդի գտնուած ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարին պիտի փոխարինէ Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարի առաջին տեղակալ Անահիտ Աւանէսեանը: