image

Արշակունեաց պողոտային վրայ ցուցարարներու թիւն աւելցած է. լրացուցիչ ոստիկանական խումբեր եկած են

Արշակունեաց պողոտային վրայ ցուցարարներու թիւն աւելցած է. լրացուցիչ ոստիկանական խումբեր եկած են

Ոստիկանները յաջողած են բանալ Արշակունեաց պողոտան, սակայն ցուցարարներու թիւն աւելնալուն զուգահեռ, անոնք դարձեալ փակած են ճանապարհը:

Ոստիկանները կանգնած են պողոտայի մէջտեղը, որպէսզի թոյլ չտան փակել պողոտայի նաեւ միւս հատուածը: Լրացուցիչ ոստիկանական խումբեր եկած են այնտեղ:

Նշենք, որ Երեւանի մէջ մռայլ եղանակ է, քաղաքի որոշ հատուածներուն մէջ անձրեւ կու գայ:

Այսօր առաւօտէն քաղաքի տարբեր հատուածներուն մէջ լարուած իրավիճակներ կ'առաջանան ցուցարարներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ. աքթիւիսթները քաղաքի տարբեր փողոցներուն մէջ փորձած են փակել փողոցները, այդ շարքին մեքենաներով: Ոստիկանները արագ ժամանելով տուեալ վայրեր, փորձած են բանալ փողոցները: Ոստիկանները, այդ շարքին քաղաքացիական հագուստներով բերման ենթարկած են ցուցարարներուն:

Նշենք, որ առաւօտէն փակուած-բացուած են մասնաւորապէս, Կիւլպէնկեան փողոցը, Կոմիտասի պողոտան, Մաշտոցի պողոտան, Դաւիթաշէնի կամուրջը, Եղուարդի մայրուղին, Գրիգոր Լուսաւորիչ փողոցը, Ազատուիթեան պողոտան, Արշակունեաց պողոտան, Երեւան-Աբովեան ճանապարհը, Վարդանանց փողոցը, կորիւն փողոցը, Պուշկին փողոցը եւ այլն:

Ժամը 13-ի դրութեամբ բերման ենթարկուածներու թիւը հասած է 107-ի, անոնց մէջ է Նիկոլ Փաշինեանի որդին, որուն աւելի ուշ ազատ արձակած են: