image
Հրատապ լուրեր:

Մեծ հրդեհ Հիւսիսային պողոտային մէջ. Տարհանուած է 30 բնակիչ

Մեծ հրդեհ Հիւսիսային պողոտային մէջ. Տարհանուած է 30 բնակիչ

Երեւանի Հիւսիսային պողոտայի շէնքերէն մէկուն մէջ այսօր՝ 14 ապրիլին, հրդեհ բռնկած է։ Այս մասին NEWS.am-ը կը տեղեկանայ ԱԻՆ լրատուական ծառայութենէն։

Ժամը 17։56-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ հրդեհի բարդութեան «1 ԲԻՍ» կանչով դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ ՓԾ Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատներէն չորս մարտական հաշուարկ, մէկ սանդուղքով մեքենայ, Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնի Հրդեհաշիջման եւ փրկարարական աշխատանքներու կազմակերպման բաժնի հերթապահ խումբերը, Հոգեբանական աջակցութեան բաժնի հերթապահ հոգեբանը։

Ըստ նախնական տուեալներու՝ հրդեհ բռնկած է Հիւսիսային պողոտայ թիւ 5 հասցէին վրայ գտնուող «Լա Փիացցա» իտալական ճաշարանին յարակից շէնքի ծխատարին մէջ։

Փրկարարները տարհանած են մօտ 30 քաղաքացի։