Հինգ օրուան մարտերէ ետք այսօր առաւօտ Արսէլի մէջ հրադարար յայտարարուած է: Այս մասին լուրը լուրը փոխանցեց «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանը նշելով նաեւ, որ հրադադարը եղած է համաձայնութեան մը հիմքով: Նոյն առումով յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան նախկին տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ կարեւոր ճիգեր գործադրած է այդ համաձյանութիւնը իրականութիւն դարձնելու համար: Նախնական տուեալներու հիմամբ Արսէլի լեռներուն վրայ գտնուող «Ալ Նուսրա»ի զինեալները իրենց ընտանիքներով դուրս պիտի գան շրջանէն, պայմանաւ, որ անոնք իրեն հետ առնեն միայն թեթեւ տեսակի զէնքերը: Իր կարգին «Ալ Ժատիտ» կայանը նշեց, որ համաձայնութեան ամբողջական կէտերը պիտի հրապարակուին աւելի ուշ: Կը նշուի, որ Արսէլի բարձունքներուն եղած մարտերուն ընթացքին «Ալ Նըսրա» ճակատի 120 զինեալներ սպաննուած են, մինչ «Հըզպալլա» ունեցած է զոհեր: