image

Արսէլի մէջ հրադադար. Տեղի կ'ունենան բանակցութիւններ

Արսէլի մէջ  հրադադար.  Տեղի կ'ունենան բանակցութիւններ

  Հինգ օրուան մարտերէ  ետք   այսօր  առաւօտ  Արսէլի մէջ    հրադարար  յայտարարուած է:  Այս մասին լուրը  լուրը  փոխանցեց «Էլ. Պի. Սի. Այ.»  կայանը նշելով նաեւ, որ հրադադարը եղած է        համաձայնութեան մը հիմքով: Նոյն   առումով յայտարարուեցաւ, որ  Լիբանանի ընդհանուր  ապահովութեան նախկին   տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ  կարեւոր ճիգեր գործադրած է   այդ  համաձյանութիւնը  իրականութիւն դարձնելու համար:  Նախնական տուեալներու հիմամբ   Արսէլի   լեռներուն  վրայ գտնուող   «Ալ Նուսրա»ի զինեալները իրենց ընտանիքներով  դուրս պիտի գան շրջանէն, պայմանաւ, որ անոնք իրեն հետ առնեն միայն թեթեւ տեսակի  զէնքերը: Իր կարգին    «Ալ Ժատիտ»  կայանը  նշեց, որ համաձայնութեան  ամբողջական կէտերը պիտի հրապարակուին աւելի ուշ:  Կը նշուի, որ Արսէլի  բարձունքներուն եղած  մարտերուն  ընթացքին «Ալ Նըսրա»  ճակատի  120 զինեալներ սպաննուած են, մինչ  «Հըզպալլա» ունեցած է         զոհեր: