image

Արեւմտեան Մամուլին Կարծիքով Անգարա Կը Ներքաշուի Սուրիական Պատերազմին Մէջ

Արեւմտեան Մամուլին Կարծիքով Անգարա  Կը Ներքաշուի Սուրիական Պատերազմին Մէջ

Թրքական զինեալ ուժերու կողմէ Սուրիոյ քրտական խմբաւորումներու դիրքերու ռմբակոծութիւնը իր արձագանգը գտած է համաշխարհային մամուլի մէջ:

«Ժումհուրիյէթ» կը գրէ, որ հարցին արձագանգած են այնպիսի յայտնի լրատուամիջոցներ, ինչպիսին են ամերիկեան «Ուաշինկթըն Փոսթ»ը, բրիտանական «Թայմս» ու «Կարտիըն» պարբերականները:

«Թայմս» թերթը հարցին անդրադարձած է «Դժոխքի դարպասները» խորագրեալ յօդուածով մը: Բրիտանական այս թերթի մեկնաբանութեամբ, «Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա կը ներքաշուին բարդ ու արիւնոտ սուրիական պատերազմին մէջ»:

Կը շեշտուի, որ  Թուրքիա երկու օրէ ի վեր կը ռմբակոծէ քրտական դիրքերը: «Ռուսաստան կ'ազդարարէ հաւանական համաշխարհային պատերազմի մասին: Ինչպէս կ'երեւի, Արեւելք-Արեւմուտք հաշուեյարդարը կը մօտենայ: Ժամանակն է բոլոր կողմերուն յիշեցել, որ պատերազմի հիմնական նպատակը «Տահէշ»ի դէմ յաղթանակ տանիլն է եւ Սուրիոյ մասնատումը կանխելը: Քրտական հարցը բռնի ուժով լուծելու ժամանակը չէ հիմա», կը գրէ «Թայմս»:

«Կարտիըն»ի բնութագրումով, «Թուրքիա քրտական դիրքերը ռմբակոծելով, աւելի ու աւելի կը ներքաշուի սուրիական պատերազմի մէջ»:

Թերթը կը յիշեցնէ, որ Թուրքիա կը պայքարի PKK-ի դէմ, որ կապուած է YPG-ի ու յայտնի է որպէս ահաբեկչական-անջատողական կուսակցութիւն մը: Անգլիական պարբերականը նաեւ կը գրէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Տավուտօղլու կը ցանկայ, որ YPG նահանջէ այն դիրքերէն, զորս նուաճած է Հալէպի մէջ: Իսկ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի հրապարակման համաձայն, «Հալէպի մէջ փոքր տարողութեամբ համաշխարհային պատերազմ կ'ընթանայ»:

Ռուսաստան կը ռմբակոծէ Հալէպը, իսկ իրաքեան ու լիբանանեան ուժերը՝ Իրանի ռազմական խորհրդատուներու հետ միասին կ'օգնեն սուրիական բանակին: Յօդուածին մէջ կը շեշտուի որ Ամերիկա, Թուրքիա ու Սէուտական Արաբիա կ'աջակցին Ասատի դէմ պատերազմող ուժերուն, իսկ Ուաշինկթընի ու Մոսկուայի դաշնակից քիւրտերը նոր հողատարածքներ կը նուաճեն: Ամերիկեան թերթը նաեւ կը յիշեցնէ, թէ «Տահէշ» քանի մը գիւղեր կը պահէ շրջափակման մէջ: