Թրքական զինեալ ուժերու կողմէ Սուրիոյ քրտական խմբաւորումներու դիրքերու ռմբակոծութիւնը իր արձագանգը գտած է համաշխարհային մամուլի մէջ:
«Ժումհուրիյէթ» կը գրէ, որ հարցին արձագանգած են այնպիսի յայտնի լրատուամիջոցներ, ինչպիսին են ամերիկեան «Ուաշինկթըն Փոսթ»ը, բրիտանական «Թայմս» ու «Կարտիըն» պարբերականները:
«Թայմս» թերթը հարցին անդրադարձած է «Դժոխքի դարպասները» խորագրեալ յօդուածով մը: Բրիտանական այս թերթի մեկնաբանութեամբ, «Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա կը ներքաշուին բարդ ու արիւնոտ սուրիական պատերազմին մէջ»:
Կը շեշտուի, որ Թուրքիա երկու օրէ ի վեր կը ռմբակոծէ քրտական դիրքերը: «Ռուսաստան կ'ազդարարէ հաւանական համաշխարհային պատերազմի մասին: Ինչպէս կ'երեւի, Արեւելք-Արեւմուտք հաշուեյարդարը կը մօտենայ: Ժամանակն է բոլոր կողմերուն յիշեցել, որ պատերազմի հիմնական նպատակը «Տահէշ»ի դէմ յաղթանակ տանիլն է եւ Սուրիոյ մասնատումը կանխելը: Քրտական հարցը բռնի ուժով լուծելու ժամանակը չէ հիմա», կը գրէ «Թայմս»:
«Կարտիըն»ի բնութագրումով, «Թուրքիա քրտական դիրքերը ռմբակոծելով, աւելի ու աւելի կը ներքաշուի սուրիական պատերազմի մէջ»:
Թերթը կը յիշեցնէ, որ Թուրքիա կը պայքարի PKK-ի դէմ, որ կապուած է YPG-ի ու յայտնի է որպէս ահաբեկչական-անջատողական կուսակցութիւն մը: Անգլիական պարբերականը նաեւ կը գրէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Տավուտօղլու կը ցանկայ, որ YPG նահանջէ այն դիրքերէն, զորս նուաճած է Հալէպի մէջ: Իսկ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի հրապարակման համաձայն, «Հալէպի մէջ փոքր տարողութեամբ համաշխարհային պատերազմ կ'ընթանայ»:
Ռուսաստան կը ռմբակոծէ Հալէպը, իսկ իրաքեան ու լիբանանեան ուժերը՝ Իրանի ռազմական խորհրդատուներու հետ միասին կ'օգնեն սուրիական բանակին: Յօդուածին մէջ կը շեշտուի որ Ամերիկա, Թուրքիա ու Սէուտական Արաբիա կ'աջակցին Ասատի դէմ պատերազմող ուժերուն, իսկ Ուաշինկթընի ու Մոսկուայի դաշնակից քիւրտերը նոր հողատարածքներ կը նուաճեն: Ամերիկեան թերթը նաեւ կը յիշեցնէ, թէ «Տահէշ» քանի մը գիւղեր կը պահէ շրջափակման մէջ: