image
Հրատապ լուրեր:

Արդէն 6-րդ օրն է. ԱԱԾ-ն Նոր յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ

Արդէն 6-րդ օրն է. ԱԱԾ-ն  Նոր յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ

Հայաստանի Հանրպետութեան  «Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն»ը՝ «ԱԱԾ»-ն այսօր  Էրէբունիի ՊՊԾ գունդի   կեդրոնին կապուած  նոր յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է: Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կ'ըսուի, թէ «Սասնայ ծռեր»  խումբը, արդէն 6-րդ օրն է, որ գրաւած է ՊՊԾ կեդրոնը   եւ իր մօտ պաատանդ կը պահէ 4    ոստիկաններ, որոնց շարքին են փոխոստիկանապետեր ՝ Վալէրի Օսիբեանն ու Վարդան Եղիազարեանը: Կը նշուի նաեւ, որ    մինչեւ այս ժամը    բանակցութիւններ կը տարուին  խնդրին անարիւն հանգուցալուծում ապահովելու համար:   Նշենք, որ, որ երրորդ միջնորդ  կողմէն   ստացուած  տուեալներով , զինեալ  տղաքը  մեծ քանակութեամբ  զէնք եւ զինամթերք ունին իրենց մօտ: Պատկան  մարմիններ նաեւ յայտնած են, որ իրենք  զինեալները վնասազերծելու յարմար բոլոր եղանակներուն կը տիրապետեն:  ՀՀԿ   խօսնակ Էտուարտ Շարմազանով,  երէկ այս  մասին խօսելով նկատել  տուած էր, որ  իշխանութիւններուն համար այսօր ամէնէն առաջնային օրակարգը Էրէբունիի  հարցին   առանց արիւնահեղութեան հանգուցալուծումն է: