image

Արցախի մէջ մեկնարկած է սահմանադրական հանրաքուէն

Արցախի մէջ մեկնարկած է սահմանադրական հանրաքուէն

Արցախի մէջ մեկնարկած է սահմանադրական հանրաքուէն։ Առաւօտեան ժամը 08։00-էն 12 ընտրատարածքներուն եւ 280 ընտրական տեղամասերուն մէջ (մէկը Երեւան` ԼՂՀ ներկայացուցչութեան մօտ) բացուած են ընտրական տեղամասերը: 

Նշենք, որ անկախութենէն ի վեր Արցախի 26 տարուայ պատմութեան ընթացքին 3-րդ համապետական նշանակութեան հանրաքուէն է եւ այն կ'իրականացուի ԼՂՀ օրէնքի ու 1 յունուար 2015-ին գործողութեան մէջ դրուած ԼՂՀ նոր Ընտրական օրէնսգիրքի հիման վրայ: 

20 փետրուարի հանրաքուէին, վերջին տուեալներով, մասնակցելու իրաւունք պիտի ունենայ 102 757 քաղաքացի, այսինքն՝ 711-ով աւելի, քան նախորդ` 2015-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ: Սա կը նշանակէ, որ Սահմանադրութեան հանրաքուէի մասնակցելու հնարաւորութիւն ունի Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան 69 տոկոսը: Հանրաքուէն պիտի իրականացուի հանրապետութեան ողջ տարածքին, որ կ'ընդգրկէ 11 ընտրատարածք` իւրաքանչիւրի մէջ 8000-9000 ընտրողներով:

Մինչեւ քուէարկութեան եւ Արցախի մէջ լռութեան օրը գործած են Սահմանադրութեան նախագիծի ընդունման կողմ եւ դէմ քարոզող 32 քարոզչական շտաբեր: Քարոզարշաւի ընթացքին որեւէ միջադէպ կամ խախտում չէ արձանագրուած:

Սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգը բաղկացած է նախաբանէ, «Մարդու եւ քաղաքացու հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնները», «Կառավարման համակարգը», «Դատական իշխանութիւնը», «Տեղական Ինքնակառավարումը» եւ «Հանրաքուէն» բաժիններէն: