Հալէպահայ մեկնաբան Յակոբ Այնթէպլեան իւրայատուկ ոճով մը ուզած է մասնակցիլ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու ոգեկոչման արարողութիւններուն։ Յակոբ, դուրս գալով «Նոր գիւղ» հայաշունչ թաղամասի իր պատշգամէն` կատարած է ազգային երգեր, ոգեւորելով իր հարեւանները ու ընկերները, որոնք նոյնպէս ձայնակցած են իրեն։
Լուրին կը կցենք կարճ տեսանիւթը, ուր մեր հայրենակիցը իր ախորժալուր ձայնով կը կատարէ ՝ «Գետաշէն» եւ «Ձայն մը հնչեց» առինքնող երգերը։
Նշենք, որ տեսանիւթը «Արեւելք»ին տրամադրեց հալէպահայ լրագրող Կարինէ Նազարեան, որ նոյնպէս Յակոբի երգած ժամանակ արաբերէն լեզուով կարճ մեկնաբանութիւն մըն ալ կը կատարէ` վերհանելով հայ ժողովուրդի անկոտրում կամքը եւ ըսելով, որ հակառակ ամէն տեսակի դժուարին պայմաններուն՝ հայութիւնը պիտի շարունակէ իր երթն ու պայքարը յանուն արդարութեան եւ ամբողջական յաղթանակի։