Պատերազմական այս օրերուն Արցախի գտնուող Տ. Բագրատ Եպս. Գալստանեանը կարճ տեսանիւթի մը ճամբով ուղերձ յղած է մեր ժողովուրդին, ան յոյս յայտնած է, որ հայութիւնը իր բոլոր թեւերով ամուր մնայ եւ հաւատք ընծայէ Աստծուն եւ իր աղօթքներուն մէջ ալ յիշէ ու յիշատակէ մեր սահմաններու ամրութիւնը պահող ու պահպանող հայ զինուորականին։
«Մենք լիայոյս ենք, որ բարձրեալն Աստուած ամէն օր կը զօրացնէ մեր զինուորներու կամքը, անոնց որ կը ծիծաղին մահուան երեսին եւ բազուկները առանց թողացնելու կը կնքեն մեր արդար կեանքի, մեր յաղթանակներու իրական եւ ամբողջական ճշմարտութիւնը բխած ՝Շուշիէն։ Մենք որեւէ կասկած չունինք, որ յաղթելու ենք» նշած է Տաւուշի Թեմի Առաջնորդը։
Սրբազանը նաեւ մէջբերած է մեր ժողովուրդի օրհասական ժամանակներուն ՝ 1915-ին Յովհաննէս Թումանեանի գրած «Հայրենիքիս հետ» բանաստեղծութիւնը ըսելով, որ այս պատերազմը նոր ու հզօր Հայաստանի վերածնունդի պատերազմն է։
Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթին մէջ.