image

«Արցախի դարպասն ես ամրոց Գետաշէն» Յակոբ Այնթէպլեանի սրտառուչ երգը ՝Հալէպէն (Տեսանիւթ)

«Արցախի դարպասն ես  ամրոց Գետաշէն»  Յակոբ Այնթէպլեանի  սրտառուչ երգը ՝Հալէպէն (Տեսանիւթ)

Հալէպահայ   մեկնաբան    Յակոբ  Այնթէպլեան   իւրայատուկ ոճով մը ուզած է  մասնակցիլ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու ոգեկոչման  արարողութիւններուն։ Յակոբ,   դուրս գալով  «Նոր  գիւղ»   հայաշունչ թաղամասի իր պատշգամէն` կատարած է  ազգային երգեր,  ոգեւորելով   իր  հարեւանները ու ընկերները, որոնք  նոյնպէս   ձայնակցած են իրեն։

Լուրին  կը կցենք  կարճ  տեսանիւթը, ուր մեր հայրենակիցը    իր  ախորժալուր  ձայնով կը կատարէ ՝ «Գետաշէն» եւ «Ձայն մը հնչեց»  առինքնող   երգերը։

Նշենք, որ  տեսանիւթը  «Արեւելք»ին  տրամադրեց  հալէպահայ   լրագրող Կարինէ Նազարեան, որ     նոյնպէս   Յակոբի  երգած  ժամանակ  արաբերէն լեզուով  կարճ մեկնաբանութիւն մըն ալ կը կատարէ`     վերհանելով   հայ ժողովուրդի   անկոտրում  կամքը    եւ ըսելով, որ հակառակ  ամէն տեսակի  դժուարին  պայմաններուն՝  հայութիւնը  պիտի շարունակէ իր երթն  ու պայքարը   յանուն   արդարութեան եւ   ամբողջական  յաղթանակի։