Արցախեան գինիի երրորդ փառատօնը այս տարի պիտի կայանայ 17 սեպտեմբերին Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ: «Արցախփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին այս մասին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագիրներու պատասխանատու Արտակ Գրիգորեանը՝ աւելցնելով, որ փառատօնի ծրագիրը մշակման փուլի մէջ է եւ յառաջիկային պիտի ներկայացուի հանրութեան:
Ա. Գրիգորեանի համաձայն, ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն, այս տարի փառատօնին օրը Հոկտեմբերի երրորդ շաբաթէն յառաջաձգուած է Սեպտեմբերի երրորդ շաբաթուան՝ անձրեւային եղանակի պատճառով։
Նշենք, որ Արցախեան գինիի առաջին եւ երկրորդ փառատօնները տեղի ունեցած են 3 Հոկտեմբերին: Արցախեան գինեգործութեան ու մշակոյթին նուիրուած այդ տարեկան տօնակատարութեան ընթացքին կը կազմակերպուին արցախեան գինիի եւ բերքի ցուցահանդէս-վաճառքներ, աւանդական համերգներ, արուեստի ցուցահանդէսներ:
Գինիի տօնավաճառին պիտի ներկայացուի գինեգործութեան բնագաւառին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի նշանաւոր բոլոր շրջանները, ինչպէս նաեւ գինեգործներ Հայաստանի Հանրապետութենէն: Արցախեան գինիի փառատօնը կը կազմակերպուի Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ՝ անձնական ընկերութիւններուն հետ համագործակցութեամբ:
Նիւթիւ աղբիւր՝ Ասպարէզ