image

Արաֆաթ սպաննուած է Իսրայէլի ձեռամբ. «Ֆաթըհ»

Արաֆաթ սպաննուած է Իսրայէլի ձեռամբ. «Ֆաթըհ»

Արաֆաթի գրասենեակի նախագահ, «Ալ Ֆաթըհ» շարժումի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Նասեր Ալ Քուտուա յայտնած է, որ Արաֆաթ բնական մահով չէ մահացած, այլ Իսրայէլի նախաձեռնութեամբ սպաննուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Մաա» լրատուական գործակալութիւնը:

Արաֆաթի մահուան 13-րդ տարելիցին նուիրուած հանդիպման ժամանակ Ալ Քուտուա նշած է, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, խնդիրը կենդանի պահելու եւ որոշում կայացնող ու այն գործադրող ոճրագործները պատժելու պահանջը շարունակելու համար:

«Խնդիրը սթափ վիճակ կը պահանջէ.. նաեւ կը պահանջէ բոլոր մակարդակներու վրայ ու բոլոր վայրերուն մէջ ոտքի կանգնիլ եւ սկսիլ մեր ինքնութեան ու մեր հիմնական նպատակներուն կառչելու գործընթացը.. մենք ենք երկրի իսկական տէրերը, մենք ենք հողին տէրը, մենք ենք, որ հողին մէջ յաւիտեան արմատաւորուած ենք, մենք ենք Պաղեստինի ժողովուրդը, որ իր անկախութիւնը յայտարարեց, եւ ընդունուեցաւ աշխարհի կողմէ.. սակայն այդուհանդերձ, մենք ենք, որ կը ձգտինք խաղաղութեան վերահաստատման»,- յայտնած է Ալ Քուտուա: