Ամէն տարի Հոկտեմբեր 27-ին մեր յիշողութեան պաստառին վրայ ինքնաբերաբար կը վերակենդանանան երկու դէմքեր:
Ակամայից մեր զայրոյթը դարձեալ կը հասնի իր բարձրակէտին, երբ վերյիշենք թէ ինչպիսի՜ խեղկատակութեամբ պետական այրեր կոծկեցին մեր ազգին ու պետութեան ուղղուած աննախադէպ եղեռնագործութիւն մըª Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ կազմակերպուած:
1999-ին Հայաստանի ընկերային-տնտեսական եւ քաղաքական ու բարոյահոգեբանական կեանքը յուսահատական մթնոլորտէ թեւակոխած էր շօշափելիօրէն լաւատեսական հանգրուանª երբ ՙՄիասնութիւն՚ անունը կրող քաղաքական դաշինքը ստանձնած էր երկրին իսկական ղեկը£ Օրուան երկու հզօրագոյն անհատականութիւններ, հայրենի շփոթ ժողովուրդին համար, արդէն դարձած էին յուսատու եւ լուսատու առաջնորդներ:
Հայրենի պետականութեան անվիճարկելիօրէն ամենափայլուն հեղինակութիւնը` Կարէն Դեմիրճեան իր փորձառութեամբ եւ վիթխարի վաստակով նուաճած էր ժողովուրդին անվերապահ վստահութիւնը: Հայրենաշինութեան եւ քաղաքական լայնամաշտապ գործունէութեան անցեալ մը ունէր ան£ Իր ղեկավարութեան օրերը մարդիկ կարօտով եւ ՙերանի՜՚ներով կը յիշէին իրաւամբ£ Եւ պատահական չէր, որ երբ տասնամեայ պարտադիր լռութենէ ետք կը վերադառնար մեծ քաղաքականութիւն, խանդավառութեան ջերմ ալիքը կը բարձրանար ամէնուր£ Ան իր դրական դրոշմը ձգած էր սերնդակիցներու եւ ժամանակակիցներու մօտ, որոնց համար Կ. Դեմիրճեան համարեա հոմանիշն էր փրկութեան լաստի£ Ան յարմարագոյն անձն էր յարմարագոյն ժամանակին:
Պետական գործիչ Կ. Դեմիրճեանի կողքին Վազգէն Սարգըսեան երեւոյթը օրին կը խորհրդանշէր ռազմական ուժն ու պինդ ղեկավարը£ Մարտադաշտերուն վրայ իր արձանագրած յաղթանակները, թէժ կէտերուն եւ պահերուն իր երեւումները, խիզախ ու յանդուգն քայլերը անոր անուան իրաւացիօրէն կցեցին ՙՍպարապետ՚ տիտղոսը: Այն պահուն երբ լղրճուկներ կեղծ ֆետայիներ դարձած էին, ինքնակոչ հրամանատարներ ալան-թալանով տարուած էին, հրապարակը պեխ-մօրուքով դերասան-քօմանտոսներ կը վխտային, Վազգէն Սարգսեան ռազմական գործիչի առաքինութեամբ եւ ամբողջական պատասխանատուութեամբ ՙմահապարտներ՚-ով կրցաւ շրջել արցախեան մարտերուն թաւալքը. կրցաւ յաղթանակի դափնեպսակ ապահովել այն ժողովուրդին, որ արդէն կը կրէր տարածքային ծանր կորուստներ, կրակէ օղակը կը սեղմէր Արցախը եւ յուսաբեկութեան սեւ ու մութ ամպերը կը ճնշէին Ղարաբաղի երկինքը:
Ի՞նչ պատահեցաւ «Միասնութիւն»դաշինքին գոյառումով:
Առաջին հերթին` միտքն ու բազուկը եղան մէկ ամբողջութիւն. քաղաքական ու տնտեսական փորձառութիւնը զօդուեցան ռազմական ու բարոյական յաղթանակին£ Երկրի մը կայունութեան եւ վերելքին համար այնքա՜ն անհրաժեշտ նշեալ գործօնները գործնապէս ստեղծեցին շինիչ պայմաններ` հայրենական կեանքը բարելաւելու:
Երկրորդ` նոր թափ եւ կենսունակութիւն ներարկուեցաւ հայ ժողովուրդին, որ կը տուայտէր անորոշութեան եւ ապակայունութեան տագնապանքով. կը խարխափէր մթին բաւիղներու մէջ£ Մինչ` Սպարապետ Վ. Սարգսեան որ նշանակուեցաւ վարչապետ, յանձնապաստան կերպով յայտարարեց. «21-րդ դարը մերն է լինելու...»:
Այս ինքնավստահութիւնը տեղի՞ն էր, թէ՞ սոսկ խաբկանք:
Ափսո՜ս, եթէ օրուան ղեկավարները` Կ. Դեմիրճեան եւ Վ. Սարգսեան մեկնարկեցին խոստումնալից քայլերով եւ յուսալի ծրագիրներով, ապա` դարանակալ ուժեր, մութին մէջ գործող սեւ թաթեր կասեցուցին լաւատեսութեան այն թռիչքը, որ նոր սկսած էր թեւահարել£ Թեւաթափ ըրին այն սլացքը, որ հայութիւնը ակնկառոյց կը սպասէր իր կարկառուն ղեկավարներէն£ Ներքին թէ արտաքին հայասպան սողուններ, իրենց յետին շահերէն մղուած, գլխատեցին ազգը անգթութեան եւ ստորնութեան ամենավատ դրսեւորումով£ Մեր պետականութեան խորհըրդանիշ Ազգային Ժողովի դահլիճը արեան բաղնիքի վերածւեցաւª ամօթահար ձգելով հանուր ազգը` յաչս միջազգային ընտանիքին:
Նախճիրին անմիջական հեղինակները բացայայտ էին, սակայն` ո՞ւր են իսկական պատուիրատուները£ Ցարդ չգտնուեցան անոնք. կամ չուզեցին գտնել. մի գուցէ հրապարակի վրայ են որպէս անմեղ ու հայրենասէր պետական դէմքեր, բարերարներ, գործարարներ եւ ազգանուէր ղեկավարներ:
Վերյիշելով Հոկտեմբեր 27-ի ոճրագործութեան տարողութիւնը, անոր անդարմանելի վէրքը, անամոքելի վիշտը եւ բաղդատելով արիւնարբու հեղինակներուն կրած փափուկ պատիժը, անոնց դատավարութեան զաւեշտալիութիւնը եւ ոճիրին հրահանգիչներուն աներեւութացումը, մարդ կը մտմտայ` հոն անպատժելիութեան թագաւորութի՞ւն կը տիրէ միթէ:
Աւելին. Հոկտեմբեր 27-էն բխած անպատժելիութեան երեւոյթը խթանեց այդ ՙնախապատուութենէն՚ օգտուողներուն սանձարձակութիւնը. որմէ ետք ոճիրներու, թաքուն գործարքներու, զիրար ֆիզիքապէս չէզոքացնելու շղթան երկարեցաւ այնքան` որ մարդ հարց կու տայ` անպատժելիութեան թագաւորութիւնը ընդմի՞շտ պիտի թագաւորէ հոն` ուր կը սիրեն խօսիլ ազատ խօսքի, ժողովրդավարութեան եւ հանդուրժողականութեան մասին:
Հոկտեմբեր 27-ի նահատակները` Կարէն Դեմիրճեան եւ Վազգէն Սարգսեան, նաեւ իրենց հետ ինկած պետական դէմքերը երանի՜ վերջինը ըլլային անպատժելիութեան զոհերուն:
Բայց սա մաղթանք է լոկ, ցաւ ի սիրտ:
«Արարատ» ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ