ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իր ֆեյսպուքեան էջին վրայ կը գրէ․
«21 Սեպտեմբերին բոլորով պիտի երթանք Կիւմրի. Յիշեցնեմ, որ այս տարուընէ կը մեկնարկենք Անկախութեան տօնակատարությիւններու գլխաւոր միջոցառումը մարզերուն մէջ ընելու գործընթացը: Առաջին այսպիսի միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ 21 Սեպտեմբերին Կիւմրիի մէջ:
Կառավարութեան աշխատակազմը կը խոստանայ անմոռանալի միջոցառում, իսկ նախորդ տարուայ փորձը ցոյց տուաւ, որ կրնան այդ խոստումը ի կատար ածել:
Ու որպէսզի տօնը չհեռանայ Երեւանէն ու միւս քաղաքներն ալ տօնական տեսք ունենան, կը կարծեմ արժէ, որ մեր այն քաղաքացիները որոնք հաւես ունին, փողոցներուն նայող իրենց պատշգամբները զարդարեն՝ անկախութեան զարդարանքներով: Նոյնիսկ լաւագոյն շէնքի մրցոյթներու գաղափար կայ:
Շէնքը տօնական դարձնելու ամենապարզ ճանապարհը պատուհանէն կամ պատշգամբէն ՀՀ պետական դրօշը պարզելն է. ի հարկէ՝ խնամուած, տեսքը տեղը դրօշներու մասին է խօսքը» գրած է վարչապետը: