Անգարա պատրաստ է ռազմական գործողութիւններ սկսիլ, Հալէպի հիւսիսային Աֆրին շրջանին մէջ տեղակայուած քրտական ուժերուն դէմ : Այս մասին, ըստ «Տիար»ին, հինգշաբթի օր լրագրողերուն յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ խօսնակ Իպրահիմ Քալըն:
Քալըն խօսելով թրքական TRT Haber կայանին ըսած է. «Թուրքիան պատերազմական դաշտ պիտի մտնէ, եթէ տեսնէ, որ որ այդ մէկը կարեւոր է իր անվտանգութեան ապահովման համար. մենք ամբողջացուցած ենք այդ ուղղութեամբ բոլոր նախապատրաստական աշխատանքները» ըսած է ան:
Հարկ է նշել, որ Թուրքիան վերջին շաբաթներուն զգալիօրէն ամրապնդած է իր ռազմական ներկայութիւնը Սուրիոյ սահմանակից Հաթայ շրջանին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարած էր, որ Անգարան Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ կը քննարկէ Աֆրինի մէջ լարուածութեան թուլացման տարածք ստեղծելու հնարաւորութիւնը, միաժամանակ պատրաստուելով «Եփրատի Վահան» ի նման ռազմական նոր գործողութիւններ սկսիլ Սուրիոյ քիւրտերուն դէմ: