image
Հրատապ լուրեր:

«Անցնող օրերուն աւելի քան 700 ընտանիքներ հեռացած են Հալէպէն» Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան (Տեսանիւթ)

«Անցնող  օրերուն աւելի քան   700  ընտանիքներ հեռացած են Հալէպէն» Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան (Տեսանիւթ)

Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանի խօսքով, Հալէպի   մէջ    մնացած  հայութեան համբերութիւնը  յայտնուած է   ծայր աստիճան  բարդ դրութեան  մը մէջ:  Վերապատուելին  այս մասին խօսած է «Առաջին լրատուական» կայանին եւ  յայտնած, որ անցնող  օրերուն  ամբողջ   Հալէպը ու նաեւ անոր հայկական  թաղամասերը ծանր հրթիռարձակումներու ենթարկուած են  այսպէս կոչուած  «խաղաղասէր» ընդդիմութեան  կողմէ: Հալէպահայ հոգեւոր  առաջնորդը նաեւ ըսած է, թէ   ընդդիմադիր   շրջանակներ  բացայայտ օժանդակութիւններ կը ստանան Թուրքիայէն, եւ այդ մասին կը խօսին   BBC կայանին  նման հեղինակաւոր  լրատուական միջոցներ: Վերապատուելի Սէլիմեան նաեւ ըսած է, թէ  հալէպահայութեան համբերութիւնը  կը գտնուի շատ փխրուն դրութեան մը մէջ, եւ եթէ այս  իրավիճակը  շարունակուի, ապա շատ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ հալէպահայութեան վրայ: Վերապատուելին  նաեւ դիտել տուած է, թէ  իր ունեցած տուեալներով   վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին աւելի քան   700 ընտանիքներ  հեռացած են Հալէպէն: