Իսրայէլցի լրագրող, «Ետիոթ Ահրոնոթ» թերթի թղթակից Ռոնըն Պըրկմանի հեղինակած «Rise and kill first» գիրքը նոր բացայայտումներ կատարած է Իսրայէլի մէջ 70 տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած դաժանութիւններուն մասին:
«Bloomberg» թերթին փոխանցմամբ, գիրքը բացայայտած է Իսրայէլի կողմէ իրականացուած մահափորձերու ամէնէն տարօրինակ ձեւերը, ինչպիսիք են ակռայի թունաւորուած մածուկները, անօդաչու օդանաւերը, պայթուցիկ սարքերով բջիջային հեռախօսները, մէջը ռումբեր տեղադրուած ինքնաշարժներու անիւները:
Հեղինակին պատմածով, Իսրայէլ մահափորձի ենթարկած է միջուկային ոլորտի մէջ մասնագիտացած իրանցի գիտնականները, նաեւ իրանեան միջուկային կայաններուն ոչ պիտանի սարքեր վաճառած է, իսկ ԱՄՆ որոշ նախագահներ, ինչպէս օրինակ Պարաք Օպամա, Իսրայէլի միջոցով փորձած են իրենց թշնամիները չէզոքացնել:
«Rise and kill first» գիրքին համաձայն, Իսրայէլի պետութիւնն իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, այսինքն՝ անցնող 70 տարիներուն, մօտ 2700 մահափորձ կատարած է, որոնցմէ ոմանք խափանուած են: