image

Անցնող 70 տարուան ընթացքին որո՞նք եղած են Իսրայէլի գործադրած քաղաքական սպանութեան զոհերը. Իսրայէլցի լրագրողի անդրադարձը

Անցնող 70 տարուան ընթացքին որո՞նք եղած են Իսրայէլի գործադրած  քաղաքական սպանութեան զոհերը. Իսրայէլցի լրագրողի անդրադարձը

Իսրայէլցի լրագրող, «Ետիոթ Ահրոնոթ» թերթի թղթակից Ռոնըն Պըրկմանի հեղինակած «Rise and kill first» գիրքը նոր բացայայտումներ կատարած է Իսրայէլի մէջ 70 տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած դաժանութիւններուն մասին:

«Bloomberg» թերթին փոխանցմամբ, գիրքը բացայայտած է Իսրայէլի կողմէ իրականացուած մահափորձերու ամէնէն տարօրինակ ձեւերը, ինչպիսիք են ակռայի թունաւորուած մածուկները, անօդաչու օդանաւերը, պայթուցիկ սարքերով բջիջային հեռախօսները, մէջը ռումբեր տեղադրուած ինքնաշարժներու անիւները:

Հեղինակին պատմածով, Իսրայէլ մահափորձի ենթարկած է միջուկային ոլորտի մէջ մասնագիտացած իրանցի գիտնականները, նաեւ իրանեան միջուկային կայաններուն ոչ պիտանի սարքեր վաճառած է, իսկ ԱՄՆ որոշ նախագահներ, ինչպէս օրինակ Պարաք Օպամա, Իսրայէլի միջոցով փորձած են իրենց թշնամիները չէզոքացնել:

«Rise and kill first» գիրքին համաձայն, Իսրայէլի պետութիւնն իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, այսինքն՝ անցնող 70 տարիներուն, մօտ 2700 մահափորձ կատարած է, որոնցմէ ոմանք խափանուած են: