image

Ամերիկեան զօրքերը Սուրիային պիտի քաշուին յառաջիկայ Ապրիլին

Ամերիկեան զօրքերը Սուրիային պիտի քաշուին յառաջիկայ Ապրիլին

ԱՄՆ-ի զինուորականները մտադիր են ամբողջութեամբ դուրս բերել զօրքերը Սուրիայէն մինչեւ յառաջիկայ ապրիլի վերջ: Այս մասին կը գրէ The Wall Street Journal՝ յղում ընելով ամերիկեան վարչակազմին մէջ իր աղբիւրին:

Պարբերականի զրուցակիցը ընդգծած է, որ եթէ Սպիտակ տունը իր ծրագրերուն մէջ որեւէ փոփոխութիւն չընէ, ապա ամերիկեան զօրքերու զգալի մասը Սուրիայէն դուրս պիտի բերուի մարտի կէսին, իսկ ամբողջական դուրսբերումը պիտի աւարտի մինչեւ ապրիլի վերջ:

Յիշեցնենք, որ Սուրիայէն ամերիկեան զօրքերու դուրսբերման մասին ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբը յայտարարած է նախորդ տարուան դեկտեմբերին, սակայն որեւէ յստակ ժամկէտ չէր նշուած: