ԱՄէ- Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու «Րաս Ալ Խայմա» քաղաքը հիմնադրուած է հայերու կողմէ: Այս մասին պատկերասփռուած ելոյթի մը ատեն յայտնած է Շարժայի կառավարիչ Շէյխ Սուլթան Պըն Մոհամմատ Ալ Քասիմին: Կառավարիչ Շէյխը նաեւ ըսած է, որ Րաս Ալ Խայման հիմնադրուած է այն հայերուն կողմէ, որոնք Պարսկաստանի դէմ եղած Մոնղոլներու արշաւանքներուն հետեւանքով խոյս տուած են եւ հասած են Էմիրաթի այդ հատուածը: Ըստ Շէյխին հայերը Էմիրաթ հասած են մասնաւորապէս Իրանի Ճուլֆար քաղաքէն (շատ հաւանաբար Նոր Ջուղա):