image

Ամբողջական Սուրիոյ ազատագրումը մօտ է. Պաշշար Ասատ

Ամբողջական Սուրիոյ ազատագրումը մօտ է. Պաշշար Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «Russia Today» լրատուական հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին նշած է, որ Սուրիոյ հակամարտութիւնը մօտեցած է իր աւարտին, շեշտելով, որ եթէ արտաքին ուժեր չմիջամտեն, առաւելագոյնը մէկ տարուան ընթացքին Սուրիոյ ճգնաժամն աւարտած պիտի ըլլայ:

Ասատ դիտել տուած է, որ իւրաքանչիւր հողատարածք ազատագրելով Սուրիոյ բանակը կը մօտենայ պատերազմի աւարտին, սակայն միւս կողմէ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի կողմէ օժանդակուող ուժերը խոչընդոտ կը հանդիսանան, թէ' ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցելով, թէ' նոր ահաբեկչական խմբաւորումներ ստեղծելով:

Ասատի կարծիքով, Սուրիոյ տարբեր նահանգներու ազատագրումը տկարացուց ԱՄՆ-ի գոյութիւնը Սուրիոյ մէջ, որուն հետեւանքով ալ վերջինս սկսաւ այլ միջոցներ որոնել, իր գոյութիւնը պահպանելու համար, եւ այդ որոնումներու արդիւնքն էր Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերու ստեղծումը:

Ասատ շեշտած է, որ ԱՄՆ-ի հետ նախ պիտի փորձեն երկխօսութեան մեթոտը, սակայն արդիւնքի չհասնելու պարագային, պիտի դիմեն ուժի կիրառման, ազատագրելու համար Ամերիկայի գերիշխանութեան տակ գտնուող շրջանները:

Ինչ կը վերաբերի իրանեան ուժերուն, Ասատ նշած է, որ Սուրիոյ մէջ կան Սուրիոյ բանակին հետ համագործակցող իրանցի սպաներ, սակայն չկան իրանեան զօրքեր: