image

Ալիս Պէրպէրեան Կամ «Մեծ մայրն ու վեց անօթի փորերով թոռները». Skynewsarabia

Ալիս Պէրպէրեան  Կամ   «Մեծ մայրն ու վեց անօթի փորերով թոռները». Skynewsarabia

Skynewsarabia Կայանը «Մեծ մայրն ու վեց անօթի փորերով թոռները» խորագրով կարիքաւոր ընտանիքի մը մասին նիւթ մը  հրապարակած  է, որ կը պատմէ լիբանանահայ տարեց կնոջ մը եւ անոր 7 թոռներուն  մասին: 

Նիւթին մէջ կ'ըսուի՝ Ալիս Պէրպէրեան, որ առողջական բազմաթիւ խնդիրներէ կը տառապի եւ պէտք ունի խնամատարի մը, յայտնուած է աղքատութեան եւ պարտքերու ծանր բեռան տակ եւ իր 7 թոռներու պէտքերը հոգալու ու անոնց ամենօրեայ սնունդը ապահովելու ծանր պարտաւորութեան դիմաց: Ինչպէս կը պատմէ աղբիւրը, Ալիս Պէրպէրեան կ'ապրի Պէյրութի հիւսիսը գտնուող Պուրճ Համուտի շրջանը, շատ անցուկ պայմաններու մէջ, այն աստիճան, որ կը դժուարանայ իր թոռներուն համար օրուայ հացն ու կաթը ապահովել:  

Ալիս կը պատմէ, թէ իր նիւթական պայմաններու վատթարացումը սկսած էր 4 տարի առաջ  իր  ամուսնոյն  հիւանդութեան եւ անոր հարկաւոր գործողութեան ու բուժման համար եղած ծախսերուն  պատճառով, որոնց պարտքի տոկոսները մինչեւ այսօր  անոր ուսերուն են: Իր ամուսնոյն  մահէն ետք, այսօր Տիկ. Ալիսը կը շարունակէ վճարել 20,000 տոլար արժող անոր վիրաբուժական գործողութեան պատճառով կուտակուած պարտքերը:

Նիւթական այս ծանր պայմանները ստիպած էին մեծ մօր եւ 7 թոռներուն ապրիլ համեստ տան մը մէջ, չափազանց դժուար պայմաններու եւ ծայրայեղ աղքատութեան մէջ, զուրկ՝ արժանապատիւ կեանք մը ապրելու նուազագոյն պահանջներէն:

Ալիս Պէրպէրեանի  թոռները յաճախ հարց կու տան, թէ «ինչո՞ւ կու լաս, մեծ մամա», եւ չհամոզուելով իր ժխտողական պատասխանէն, կ'ըսեն «գիտենք, քու սիրտդ կը ցաւի»:   Այս տիկնոջ յառաջացած տարիքը հնարաւորութիւն չի տար նոյնիսկ աշխատանք մը գտնել:  «Սրտիս վրայ բարդացած ցաւերը եւ անելանելի վիճակս կը ջլատեն զիս եւ կը դժուարացնեն նոյնիսկ տեղէս  շարժիլը», աչքին արցունքը սրբելով կը պատմէ Տիկ. Ալիսը:

Skynewsarabia-ն բարձրացնելով Ալիս Պէրպէրեանի հարցը, իսլամական Ռամատան ամսուան առթիւ, կոչ կ'ընէ գթասիրտ բարեգործներուն, իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերել անկարող ծերունիին եւ թեթեւցնել անոր հոգսերը:


Ալիս  Պէրպէրեանի  օգնութիւններ փոխանցելու համար գրել հետեւեալ  հասցէին՝ Arevelk1@gmail.com