Skynewsarabia Կայանը «Մեծ մայրն ու վեց անօթի փորերով թոռները» խորագրով կարիքաւոր ընտանիքի մը մասին նիւթ մը հրապարակած է, որ կը պատմէ լիբանանահայ տարեց կնոջ մը եւ անոր 7 թոռներուն մասին:
Նիւթին մէջ կ'ըսուի՝ Ալիս Պէրպէրեան, որ առողջական բազմաթիւ խնդիրներէ կը տառապի եւ պէտք ունի խնամատարի մը, յայտնուած է աղքատութեան եւ պարտքերու ծանր բեռան տակ եւ իր 7 թոռներու պէտքերը հոգալու ու անոնց ամենօրեայ սնունդը ապահովելու ծանր պարտաւորութեան դիմաց: Ինչպէս կը պատմէ աղբիւրը, Ալիս Պէրպէրեան կ'ապրի Պէյրութի հիւսիսը գտնուող Պուրճ Համուտի շրջանը, շատ անցուկ պայմաններու մէջ, այն աստիճան, որ կը դժուարանայ իր թոռներուն համար օրուայ հացն ու կաթը ապահովել:
Ալիս կը պատմէ, թէ իր նիւթական պայմաններու վատթարացումը սկսած էր 4 տարի առաջ իր ամուսնոյն հիւանդութեան եւ անոր հարկաւոր գործողութեան ու բուժման համար եղած ծախսերուն պատճառով, որոնց պարտքի տոկոսները մինչեւ այսօր անոր ուսերուն են: Իր ամուսնոյն մահէն ետք, այսօր Տիկ. Ալիսը կը շարունակէ վճարել 20,000 տոլար արժող անոր վիրաբուժական գործողութեան պատճառով կուտակուած պարտքերը:
Նիւթական այս ծանր պայմանները ստիպած էին մեծ մօր եւ 7 թոռներուն ապրիլ համեստ տան մը մէջ, չափազանց դժուար պայմաններու եւ ծայրայեղ աղքատութեան մէջ, զուրկ՝ արժանապատիւ կեանք մը ապրելու նուազագոյն պահանջներէն:
Ալիս Պէրպէրեանի թոռները յաճախ հարց կու տան, թէ «ինչո՞ւ կու լաս, մեծ մամա», եւ չհամոզուելով իր ժխտողական պատասխանէն, կ'ըսեն «գիտենք, քու սիրտդ կը ցաւի»: Այս տիկնոջ յառաջացած տարիքը հնարաւորութիւն չի տար նոյնիսկ աշխատանք մը գտնել: «Սրտիս վրայ բարդացած ցաւերը եւ անելանելի վիճակս կը ջլատեն զիս եւ կը դժուարացնեն նոյնիսկ տեղէս շարժիլը», աչքին արցունքը սրբելով կը պատմէ Տիկ. Ալիսը:
Skynewsarabia-ն բարձրացնելով Ալիս Պէրպէրեանի հարցը, իսլամական Ռամատան ամսուան առթիւ, կոչ կ'ընէ գթասիրտ բարեգործներուն, իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերել անկարող ծերունիին եւ թեթեւցնել անոր հոգսերը:
Ալիս Պէրպէրեանի օգնութիւններ փոխանցելու համար գրել հետեւեալ հասցէին՝ Arevelk1@gmail.com